Պէլճիքայէն բարի լուր ստացանք։ Պրիւքսէլի մէջ դարմանման փուլ անցնող արցախցի երիտասարդներուն մօտ (յիշեցնենք, որ անոնք վիրաւորուած էին Ստեփանակերտի մէջ գրանցուած պայթումին հետեւանքով) դրական վիճակ մը երեւելի դարձած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պելճիքայի հայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ վրդ. Աւետիքեանի դիմատետրեան գրառումէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք նուիրեալ Հայր Սուրբին կատարած գրառումը ՝
«Արդէն մօտ մէկ ամիս է, որ Պրիւքսէլի "Reine Astrid" (Ասթրիտ Թագուհիի անուան) զինուորական հիւանդանոցը կը գտնուին Ստեփանակերտի, պենզինի պահեստի պայթումէն այրած եւ ծանր վիրաւորուած երեք երիտասարդներ` Սամուէլը, Աշոտը եւ Ալեքսը, որոնք շնորհիւ բժշկական կազմի լուրջ, յարատեւող եւ հոգատար խնամքին, կամաց-կամաց կը վերագտնեն իրենց առողջութիւնը։
Այսօր, դարձեալ այցելեցի մեր երիտասարդները եւ Ամենայն Սրբոց բարեխօսութեամբ աղօթեցի իրենց հետ` իրենց շուտափոյթ ապաքինման համար։ Թո՛ղ Բարին Աստուած եւ Հայրն Ողորմած բոլոր հիւանդներուն օգնական ու պահապան ըլլայ, պարգեւէ կամք, ուժ եւ կորով` յաղթահարելու ամէն տեսակի դժուարութիւն ու նեղութիւն։
Յ.Գ. ֊ Առ ի տեղեկութիւն` ներկայիս, առողջապահական պատճառներով, հիւանդներու այցելութիւնը անկարելի է եւ խիստ արգիլուած։»