image

Կալանքի տակ առնուած է «Հայաստան» դաշինքի անդամ պատգամաւորը

Կալանքի տակ առնուած է «Հայաստան» դաշինքի անդամ պատգամաւորը

Որպէսզի պատկերացնէք իրավիճակի խեղման աստիճանը` վերաքննիչ քրէական դատարանի ամենայայտնի դատաւորը կալանաւորեց պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանը: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը:

Նշենք, որ խօսքը դատաւոր Արմէն Դանիէլեանի մասին է:

Նշենք, որ ըստ նախաքննական մարմնի՝ Արթուր Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն բանի համար, որ ան 2016 թուականի Հոկտեմբեր 7-էն զբաղեցնելով ՀՀ Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքի ղեկավարի պաշտօնը, հանդիսանալով տեղական ինքնակառավարման մարմինին մէջ մշտապէս իշխանութեան ներկայացուցիչի գործառոյթներ իրականացնող գործադիր մարմին, համայնքապետարանին մէջ կազմակերպական-տնօրինչական եւ վարչատնտեսական գործառոյթներ իրականացնող պաշտօնատար անձ, շահադիտական եւ անձնական այլ շահագրգռուածութենէն ելլելով, իր պաշտօնէական դիրքը օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ, որուն հետեւանքով Սիսիան համայնքի իրաւունքներուն ու օրինական շահերուն պատճառած է էական վնաս, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ, ինչպէս նաեւ շահադիտական նպատակով եւ անձնական այլ դրդումներով կեղծած է պաշտօնական փաստաթուղթ հանդիսացող՝ աշխատանքներու կատարուած ըլլալու հանգամանքը փաստող կատարողական ակտը:

Արթուր Սարգսեան Հոկտեմբեր 10-ին ազատ արձակուած էր 20 միլիոն գրաւի դիմաց եւ սկսած էր մասնակցիլ ԱԺ աշխատանքներուն: