image

Իսրայէլը կրնայ Կազայի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի հետ ըրածը կրկնել Լիբանանի մէջ՝ «Հըզպալլա»-ի հետ. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Իսրայէլը կրնայ Կազայի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի հետ ըրածը կրկնել Լիբանանի մէջ՝ «Հըզպալլա»-ի հետ. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Եթէ «Հըզպալլա»ն կ՚ուզէ զօրացնել յարձակումները Իսրայէլի վրայ, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կանխարգելիչ կերպով կը հնգապատկէ իր գործողութիւնները, նախազգուշացուցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը պահեստազօրայիններուն այցելութեան ժամանակ: Այս մասին գրած է jpost.com-ը:

«Մենք պատերազմ չենք ուզեր, բայց այս իրավիճակը չենք հանդուրժեր: Եթէ «Հըզպալլա»ն կ՚ուզէ այս ամէնը բարդացնել, մենք այն հնգապատիկ կը բարդացնենք»,-աւելցուցած է ան՝ ուղիղ նախազգուշացնելով լիբանանեան «Հըզպալլա»ն:

Կալանթ պահեստայիններուն ըսած է, որ Իսրայէլը կրնայ Կազայի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի հետ ըրածը կրկնել Լիբանանի մէջ՝ «Հըզպալլա»ի հետ:

«Այն, ինչ մենք կ՚ընենք Կազայի մէջ, կրնանք ընել Պէյրութի մէջ: Եթէ մեզի ներքաշեն կատաղի հակամարտութեան, պատերազմի մէջ, «Հըզպալլա» ծանր գին պիտի վճարէ», - եզրափակած է ան: