Թրքական «CNN TÜRK» հեռուստաալիքի լրատուական բաժնի տնօրէն Նիհաթ Ուլուտաղն անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի նկրտումներուն: Ան պնդած է, որ Իսրայէլը ներկայիս կ՚ընէ այն, ինչի համար բաւականին լաւ հիմք դրած է:
Այս մասին հաղորդած է «Ermenihaber.am»-ը:
«Հոգեբանական պատերազմի ճարտարարուեստով, «Mosad»-ի (Իսրայէլի հետախուզական ծառայութիւն) գործակալներով եւ հետախոյզներով նախ թիրախ հանդիսացող երկրի տնտեսութիւնը կը փլուզեն, յետոյ կը ստեղծեն քաղաքական անկայունութիւն եւ պառակտութիւններ կը մտցնեն:
Այնտեղ ալ հասարակութեան արժէքային դատողութիւնները կը տարանջատեն իրարմէ եւ մէկը միւսին թշնամի կը դարձնէ, եւ այսպէս արդէն պատրաստ է գործողութեան համար»,-ըսած է ան:
Ուլուտաղը նշած է նաեւ, որ այդպէս եղած է նախ Պաղեստինի Կազայի հատուածին մէջ, իսկ այժմ՝ Լիբանանի մէջ:
«Հերթի մէջ Սուրիան ալ կայ, վտանգի տակ է նաեւ մեր ներքին ամրոցը: Քայլ առ քայլ իրականացուող ծրագիր կայ»,-աւելցուցած է ան:
Հեռուստաալիքի լրատուական բաժնի տնօրէնը նշած է նաեւ, որ վերջին ամսիներուն Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ գործողութիւններ իրականացուցած են «Mosad»-ի դէմ:
«Էրտողանն ալ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ ներքին ճակատը վտանգի տակ է»:
Ուլուտաղը նաեւ ընդգծած է, որ հասարակական միջադէպեր հրահրելու համար իսրայէլեան յատուկ ծառայութեան լրտեսներու կողմէ յաճախակի ընտրուող տարբերակը ընկերային մետիան է:
«Քաղաքացին պէտք չէ հաւատայ ընկերային մետիայի մէջ իր տեսած ամէն բանի: Սա շատ կարեւոր է, քանի որ նպատակը հետեւեալն է. ամրոցը դարձնել անպաշտպանունակ՝ խաղաղութիւնը փճացնելով եւ հասարակութեան մէջ եղած արժէնքերը իրար նկատմամբ թշնամական դարձնելով»: