Իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են Սուրիոյ հարաւը գտնուող ալ-Քունէյթրա նահանգ եւ գործողութիւն իրականացուցած են ալ-Սամտանիա բնակավայրին մէջ։
Syria TV ալիքին տուեալներով՝ զինուորականները գիւղի մուտքին մօտ անցակէտ մը տեղադրած են եւ խուզարկած՝ քանի մը քաղաքացիական ինքնաշարժ։
Աւելի վաղ՝ սեպտեմբեր 19-ի երեկոյան, չորս զրահամեքենայէ կազմուած իսրայէլեան շարասիւն մը մտած է Սուրիոյ հարաւային Տերաա նահանգի տարածք, ուր եւս գործողութիւններ իրականացուած են։
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհն ալ յայտնած է, որ Դամասկոսը առաջիկայ օրերուն կրնայ անվտանգային համաձայնագիր ստորագրել Իսրայէլի հետ, բայց միեւնոյն ժամանակ ընդգծած՝ որ այդ մէկը չի նշանակեր հրեայ պետութեան հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում կամ միացում «Աբրահամեան համաձայնագրերուն»։