Մեծ թիւով վերլուծաբաններ օրերս կը գրեն «Տահէշ»ի կամ «Իսլամական պետութեան» «վերաշխուժացման» մասին։ Կը խօսուի մանաւանդ, որ «Տահէշ» դարձեալ գլուխը պիտի բարձրացնէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ուր կը շարունակէ ունենալ «Քնացած բջիջներ»։
Այս առումով ալ օրերս ուշագրաւ իրողութիւններ տեղի ունեցան Իրաքի մէջ, ուր ի յայտ դարձաւ, որ «Տահէշ»ին անդամագրուածներուն մէջ կան Լիբանանի հիւսիսէն Իրաք ժամանած եւ յանուն դրամի կռուող զինեալներ։
Ի դէպ պատահարին մասին գրած է «Ալ Նահար» պարբերականը, որ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ
Ըստ լրատուական վստահելի աղբիւրներու Լիբանանի հիւսիսէն 6 երիտասարդներ կռուած են «Տահէշ»ի կողքին եւ սպաննուած Իրաքի մէջ։:
Աղբիւրը նշած է, թէ Ալ Նահլա հովիտի ցեղերէն՝ Ալ Սէյֆ յատարարած է իր երկու որդիներու մահուան մասին: Ըստ աղբիւրին, ծնողները քանի շաբաթ է այդ երիտասարդներէն լուր մը չէին ստացած եւ նոր միայն հասած է բօթը:
Տարածուած լուրերը կ'ըսեն, թէ սպաննուածներն են՝ Նահլայի հովիտը-Ալ Պտաուի շրջանէն Օմար Սէյֆ, Պաքր Սէյֆ եւ Մահմուտ Ալ Սէյտ եւ Ալ Պտաուի շրջանէն՝ Անաս Ալ Ժազար:
Իրենց հերթին պաշտօնական մարմինները ոչ հաստատած եւ ոչ ալ հերքած են այս տեղեկութիւնները եւ յայտարարած են թէ տակաւին կը հետաքննեն:
Այս լուրերուն տարածումի յաջորդ օրը նաեւ ըսուած է եւս երկու երիտասարդի սպաննութեան մասին Շխետըմ ընտանիքէն:
Միւս կողմէ Իրաքի անվտանգութեան լրատուութիւնը տեղեկացուց, թէ յաջողած են որոշել «Ալ Ազիմ» գործողութիւնը կատարող ահաբեկչական խումբին վայրը ու ոչնչացուցած անդամները՝ թիւով 9-ը:
Այս երետասարդներու սպանութեան հանգամանքները վերաբացած են Լիբանանի հիւսիսէն երիտասարդներ զօրակոչելու «Տահէշ»ի գործունէութեան թղթածրարը: Ըստ աղբիւրի տուեալներուն բաւական աշխոյժ աշխատանք կը տարուի զանազան քաղաքացիութիւններէ բաղկացած կարգ մը խմբակցութիւններու կողմէ (մանաւանդ համացանցի միջոցաւ), հաւաքագրելու երիտասարդները մասնակցելու «Տահէշ»ի մարտերուն։