image

Իշխան Սաղաթէլեանի հանդիպումները՝ Մոսկուայի մէջ

Իշխան Սաղաթէլեանի հանդիպումները՝ Մոսկուայի մէջ

Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը հանդիպած են «Արդար Ռուսաստանը՝ յանուն ճշմարտութեան» կուսակցութեան նախագահ, Պետական Տումայի մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Սերգէյ Միրոնովի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի հանրային կապերու գրասենեակէն։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային զարգացումներուն, Լաչինի միջանցքի շրջափակման, Ուքրանիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն, ընդգծուած է Հայաստան-Ռուսիա ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու պահպանման եւ զարգացման անհրաժեշտութիւնը։

Ողջունելով հիւրերը՝ Սերգէյ Միրոնով նախ յիշատակած է 2022 թուականի նոյեմբեր 29-ին կայացած հանդիպումը՝ բարձր գնահատելով «Արդար Ռուսաստանը՝ յանուն ճշարտութեան» եւ «ՀՅ Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը` 2007-ին ստորագրուած համագործակցութեան պայմանագրի շրջածիրէն ներս:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար՝ Արմէն Ռուստամեանն անդրադարձած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ նշելով, որ Լաչինի միջանցքի փակումէն երեք ամիս անց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտ է, եւ այժմ շատ կարեւոր է Ռուսիոյ եւ ռուս խաղաղապահներու դիրքորոշումը։

Արմէն Ռուստամեան աւելցուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը Ռուսիոյ Դաշնութենէն կ'ակնալէ աւելի աշխուժ գործողութիւններ։

Հանդիպման աւարտին Սերգէյ Միրոնով յոյս յայտնած է, որ ի վերջոյ պիտի յաղթէ ողջախոհութիւնը, ձեռք պիտի բերուին որոշակի պայմանաւորուածութիւններ, պիտի լուծուին հայ բնակչութեան անվտանգութեան խնդիրները, որու երաշխաւորը կը շարունակէ մնալ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը։