Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին այսօր վաղ առաւօտեան Թեհրանի մէջ «Համաս»-ի քաղաքական թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան վերաբերեալ պաշտօնական պատասխան հրապարակած է, որուն մէջ խոստացած է, որ Իրանը պիտի պատասխանէ սպանութեան։
Իր յայտարարութեան մէջ Խամենէին գրած է.«Յանցաւոր ու ահաբեկչական Սիոնիստական ռեժիմն այս արարքով ճանապարհ բացաւ խիստ պատիժի համար: Մենք մեր պարտքը կը համարենք վրէժ լուծել Իսմայիլ Հանիյէի արեան համար, քանի որ սպանութիւնը տեղի ունեցած է մեր հողի վրայ»։
Արձագանգելով Հանիյէի սպանութեան՝ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն ըսած է, որ երկիրը պիտի պաշտպանէ իր տարածքային ամբողջականութիւնն ու արժանապատւութիւնը։ Այս մասին գրած է mehrnews.com-ը:
«Այսօր սիրելի Իրանը կը սգայ Պաղեստինի դիմադրութեան քաջարի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի նահատակութիւնը: Երէկ ես կը սեղմէի անոր յաղթական ձեռքը, իսկ այսօր պէտք է անոր դագաղը տանիմ ուսերուս: Իրանի եւ Պաղեստինի երկու հպարտ ժողովուրդներու միջեւ կապը պիտի ըլլայ աւելի ամուր, քան նախապէս, իսկ ճնշուածներու դիմադրութեան եւ պաշտպանութեան ճանապարհն աւելի պիտի ամրապնդուի», - X-ի էջին գրած է ան:
Փեզեշքիանն ընդգծած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը «պիտի ստիպէ ահաբեկիչ բռնագրաւողներուն (նկատի ունի Իսրայէլը-Խմբ.) զղջալ իրենց վախկոտ արարքի համար»։