image

Իրանի մէջ ընթացք առած են «Մեծ մարգարէի ուժը- 19 » խորագրեալ զօրավարժութիւնները

Իրանի մէջ ընթացք առած են «Մեծ մարգարէի ուժը- 19 »  խորագրեալ զօրավարժութիւնները

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ցամաքային ուժերը սկսած են «Մեծ մարգարէի ուժը-19» զօրավարժութիւններու 2-րդ փուլը, որու շրջածիրէն ներս փորձարկուած են նոր զինատեսակներ եւ սարքաւորումներ, որոնք վերջերս ներդրուած են Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ստորաբաժանումներու մէջ:

Ինչպէս յայտնած է ԻՌՆԱ-ն, զօրավարժութիւններն իրականացուած են երկրի հարաւ-արեւմտեան շրջանին մէջ:

Զօրավարժութիւններու շրջածիրէն ներս Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ցամաքային զօրքերու մասնագիտացուած ստորաբաժանումները իրականացուցած են առաջադրանքներու լայն շրջանակ, ներառեալ յարձակողական եւ պաշտպանական գործողութիւնները, ռատիոելեկտրոնային պայքար, ինչպէս նաեւ զրահամեքենայի, հրթիռային համակարգերու, անօդաչու թռչող սարքերու, ուղղաթիռներու եւ հրետանիի զանգուածային օգտագործումը:

Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին քանի մը օր: