image

Իրանի համար առաջնահերթ են հարեւան տէրութիւնները. Իրանցի նախարար

Իրանի համար առաջնահերթ են հարեւան տէրութիւնները. Իրանցի նախարար

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի յայտարարած է, որ Իրան կը շարունակէ բանակցութիւնները՝ վերացնելու պետութեան դէմ պատժամիջոցները: Այս մասին յայտնած է IRNA:

«Մենք պիտի շարունակենք Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերացման հետ կապուած բանակցութիւնները, եւ անոր հետ կապուած աւելորդ շտապողականութիւն կամ ձգձգում պիտի չըլլայ»,- լրագրողներուն ըսած է Արաքճին։ 

Ան նաեւ նշած է, որ դիւանագիտական դաշտն ընդլայնելու համար Իրանի նոր վարչակազմի համար առաջնահերթ են հարեւան երկիրները եւ Եւրասիան։