Հեռախօսազրոյց ունեցած են Իրանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները: Մասուտ Փեզեշքիանը եւ Իլհամ Ալիեւը քննարկած են երկկողմ գործակցութիւնը, բարձր գնահատած Պաքու-Թավրիզ չուերթի վերականգնումը եւ Պաքու-Թեհրան չուերթներու թիւի աւելացումը:
Նախագահներն ընդգծած են, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ այժմ շրջադարձային պահ է: Անոնք յոյս յայտնած են, որ համատեղ ջանքերով հնարաւոր պիտի ըլլայ աշխուժացնել տարբեր ոլորտներու մէջ շփումները։
Նշուած է, որ Փեզեշքիանը եւ Ալիեւը միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութեան այլ հարցերու շուրջ։