image

Իրանցի վարորդներուն ծախսեր կը պարտադրուին. Ստեղծուած իրավիճակը կը վնասէ Հայաստանին

Իրանցի վարորդներուն ծախսեր  կը պարտադրուին. Ստեղծուած իրավիճակը կը վնասէ Հայաստանին

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, երկու իրանցի վարորդներու ձերբակալումը կը համապատասխանէ իրականութեանը եւ  Պաքուի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութիւնը  հետամուտ է վերջիններուս իրավիճակին: Այս կը յայտնեն Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութենէն:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ'ընդգծէ, որ իր  քաղաքացիները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին: Կիրակի, 12 Սեպտեմբերէն  ի վեր ստեղծուած իրավիճակին պատճառով  ֆինանսական ծախսեր կը պարտադրուին իրանցի վարորդներուն եւ դանդաղած է իրանեան բեռնատարներու տեղաշարժը:

Հարցին հետամուտ ըլլալու գործընթացը կը շարունակուի՝ նպատակ ունենալով կանխել Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտուրի խափանումները, ապահովել Իրանի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ նուազեցնել փոխադրումներու  խնդիրները, ինչպէս նաեւ  այլընտրանքային ուղիներու հասանելիութիւնը Հայաստանի տարածքին:

Յոյսով ենք, իրանեան եւ հայկական կողմերու ընթացիկ ջանքերուն շնորհիւ այդ նպատակները հնարաւորինս արագ կ'իրականացուին եւ ապահովելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու դրական ընթացքի շարունակականութիւնը՝ կը կանխուի տնտեսվարողներուն  եւ  քաղաքացիներուն պարտադրուող ծախսերը», յայտնած են դեսպանութենէն: