image

Իրան կողմ է ապաշրջափակման, բայց Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ․ Սոպհանի

Իրան կողմ է ապաշրջափակման, բայց Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ․ Սոպհանի

Իրանը կողմ է տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, սակայն այդ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ։ Այդ մասին օգոստոս 9-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանի Մեհտի Սոպհանին։

«Ապաշրջափակման մասին մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է`մենք կողմ ենք ապաշրջափակման, սակայն այդ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ։ Բնական է, եթէ տեղի կ՚ունենայ ապաշրջափակում, ատոր շնորհիւ երթեւեկութիւնը կը մեծնայ, բայց պէտք է փոխադարձ համաձայնութիւն ըլլայ այդ մասով։ Եթէ փոխադարձ համաձայնութիւն կայ, կը նշանակէ աւելի կը մօտենանք խաղաղութեան։ Սա տարածաշրջանի երկիրներու օգտին է»,-ըսած է Սոպհանին։