Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան՝ Ապպաս Զոհուրին յայտարարած է Հայաստանի հետ առեւտուրի ծաւալը ներկայիս 400 միլիոն տոլարէն տարեկան մինչեւ 1 միլիառ տոլարի հասցնելու հնարաւորութեան մասին, յայտնած է IRNA գործակալութիւնը։
Դեսպանը Երեւանի մէջ Թեհրանի ֆոնտային սակարանի (պորսա) տնօրէններու խորհուրդի անդամներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է իրանցի եւ հայ ներդրողները հետաքրքրող ոլորտներու մասին։
Դեսպանի խօսքով՝ հայ խոշոր ներդրողները կրնան ներդրումներ կատարել Թեհրանի ֆոնտային սակարանին մէջ՝ օգտուելով Հայաստանի հետ Իրանի սահմանը գտնուող «Արաս» եւ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիներու մէջ առկայ հնարաւորութիւններէն։ Իրանական պատուիրակութիւնը կ'այցելէ Երեւան՝ մասնակցելու Եւրո-Ասիական Ֆոնտային Սակարաններու Միութեան տարեկան ժողովին։ Ներկայիս Թեհրանի ֆոնտային պորսային մէջ կայ 6100 օտարերկրեայ տնտեսական գործօն անհատներ։