image

Իրան դրական նշաններ կ՚ուղարկէ դէպի ԱՄՆ

Իրան դրական նշաններ կ՚ուղարկէ դէպի ԱՄՆ

 

Իրանը պիտի արձագանգէ իրանական միջուկային գործարքի հետ կապուած ԱՄՆ կառուցողական գործողութիւններուն, առայժմ անոնք միայն յայտարարութիւններ կ'ընեն: ТАСС գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆը ռուս պաշտօնակցի՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ:

 

«Այն, ինչ մենք լսեր ենք ԱՄՆ նոր վարչակազմէն, միայն խօսքեր են: Մենք կը պատասխանենք գործողութիւններուն»,- շեշտած է իրանցի պաշտօնեան:

Զարիֆն ընդգծած է, որ արձագանգ կը հետեւի այն ժամանակ, երբ ԱՄՆ-ն «չեղարկէ անօրինական միակողմանի պատժամիջոցները, որոնք կը հակասեն 2231 բանաձեւին»:

9 Յունուարին ԱՄՆ պետական քարտուղարի պաշտօնի թեկնածու Էնթոնի Պլինքըն յայտարարած էր, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Իրանի հետ պայմանաւորուածութեան պիտի հասնի Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի հիման վրայ: