image

Սակաւախօս, աշխատասէր եւ յարգուած մեր հայրենակից՝ Միհրան Պալխեանի յիշատակին

 Սակաւախօս, աշխատասէր եւ յարգուած մեր հայրենակից՝ Միհրան Պալխեանի յիշատակին

Օրերս տեղի ունեցաւ հալէպահայ յարգուած բարերար Միհրան Պալըխեանի հոգեհանգստեան կարգը, որ իր մահկանացուն կնքած էր 8 Յունուար, 2024-ին։

հոգեհանգիստին ներկայացուեցաւ «Հալէպ» Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան կողմէ «Հրաժեշտի խօսք»։

 Անգամ մը եւս  յարգելու համար հանգուցեալին բարի անունն ու յիշատակը,  «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հնչած «Հրաժեշտի խօսք»ը։

Այսօր, այս սրահէն ներս, համախմբուած են՝ կեանքի տերեւաթափի խլած Պարոն Միհրան Պալխեանի անձը, գաղափարն ու վաստակը յարգող հարազատներ, բարեկամներ եւ ծանօթներ։

Պարոն Միհրան Պալխեանի անակնկալ մահով,  սուրիահայ մեծ ընտանիքը կորսնցուց համեստ, բարի, մարդկային տիպար մը։ Ան, այս աշխարհէն մեկնեցաւ կիսատ թողելով շատ ծրագրեր ու գործեր։

Ակնցի Յակոբ եւ Էրզրումցի Ազնիւ Պալխեաններու ընտանիքին անդրանիկ զաւակը՝ Միհրանը , ծնած է 1948-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Փոքր հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ դարձած՝ Հալէպի գործարար շրջանակներու յայտնի եւ յաջողակ դէմքերէն։

Եղած է Սուրիոյ կերպասի ROTARY տպագրութեան միակ հայ գործարարը։ Անդամ էր Սուրիոյ արդիւնաբերական եւ առեւտուրի պալատին։

1986-ին, Անի Փիլաւեանի հետ ընտանիք կազմած են։ Հայր էր 2 որդիներու՝ Սարգիս եւ Կարէն։

Ազգային բարերար՝ Միհրան Պալխեանը, միշտ սատար կանգնած է Հալէպի մշակութային, ընկերային եւ կրօնական կազմակերպութիւններուն․ ինչպիսին են՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, ՀՅԴ-ի Սուրիոյ Պատանեկան Միութիւնը։

Հիմնադիրն է՝ «Անի եւ Միհրան Պալխեան Մշակութային Հիմնադրամ»-ի, որուն միջոցաւ հովանաւորած է գաղութային տարատեսակ մշակութային ձեռնարկներ եւ հադիսացած գիրքերու հրատարակութեան մեկենաս։

Պարոն Պալխեանի բարեսիարական գործունէութիւնը, կանգ չառնելով, թափանցած է նաեւ առողջապահական ոլորտ, հովանաւորելով սրտի վիրահատութեան ծախսերը սուրիական جمعية العافية կազմակերպութեան միջոցով։

1995-2012 թուականները, եղած է Հալէպի՝ ՀՀ Հիւպատոսութեան գլխաւոր նուիրատուներէն։

2010-ին, եղած է «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»-ի Սուրիոյ յանձնաժողովի անդամ։

Երկարատեւ տարիներ, անդամ էր Մխիթարեան վարժարանի Հոգաբարձուներու խորհուրդին։

Պարգեւատրուած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան բարձրագոյն Վահան Թէքէեան շքանշանով, կուսակցութեան 75 ամեակի առթիւ։ Ինչպէս նաեւ, Քարէն Էփփէ Ազգ․ Ճեմարանի ոսկեմետալով, դպրոցի հիմնադրման 50 ամեակի առթիւ, Ճեմարանի վերանորոգման ծախսերու նուիրատուութեան մասնակցութեան համար։

2012-էն ի վեր, Սուրիոյ աղետալի պատերազմին, ընտանեօք տեղափոխուած են հայրենիք, ուր շարունակելով իր ազգանուէր գործունէութիւնը, հովանաւորած է իր տիկնոջ՝ Անի Պալխեանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած «Հալէպ» Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութիւնը (2013-ին)։ «Հալէպ» Կազմակերպութիւնը, իր տասնամեայ գործունէութեան ընթացքին, մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրած է հազարաւոր սուրիահայերու, լիբանանահայերու եւ արցախահայերու։

Սակաւախօս, աշխատասէր ու մարդասէր Միհրան Պալխեանի տան դռները մինչեւ վերջին օրը բաց էին բոլորին առջեւ։

Ան մեծ կորուստ է ոչ միայն Պալխեան ընտանիքին, այլ բոլոր զինք ճանչցողներուն։ Բայց այս է մահը, երբ ուզէ շնչել անմահութեան բոյրը, կ՚ընտրէ մաքուրները։ «Երանի մաքուրներուն, քանզի անոնց է երկնքի արքայութիւնը»։

Պարոն Միհրանը մարմնապէս հեռացաւ մեզմէ, բայց մնայուն ներկայութիւն պիտի դառնայ մեր սրտերուն մէջ։

Քեզ պիտի կարօտնանք, ազնիւ մարդու քու ներկայութեամբ, բարի բնաւորութեամբ, եւ մաքուր սրտով:

Ննջէ խաղաղ, հողը թեթեւ հանգչի վրադ, Աստուծոյ լոյսը իջնէ շիրիմիդ։