Կիւմրիի ՏԻՄ ընտրութիւնները համակարգող թիւ 31 ՏԸՀ-ն յայտարարեց 17 Հոկտեմբերին կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքները: Թիւ 31 ՏԸՀ նախագահ Տիգրան Ղազարեան ընտրական շեմը յաղթահարած քաղաքական 5 ուժերու ներկայացուցիչներուն շնորհաւորեց Կիւմրիի աւագանիի կազմին մէջ ընդգրկուելու եւ քաղաքակիրթ պայքար մղելու համար:
Տիգրան Ղազարեանը շնորհաւորեց նաեւ ընտրութիւններուն մասնակցած, բայց անցողիկ շեմը չհաղթահարած ուժերը՝ իրենց մասնակցութեան համար: «Հաշուի առնելով այն, որ ոչ մի բողոք ու վերահաշուարկի պահանջ յանձնաժողովը չի ստացել, յանձնաժողովը արձանագրեց ընտրութիւնների արդյունքները», նշեց Տիգրան Ղազարեան՝ տեղեկացնելով, որ 109.453 ընտրողէն ընտրութեան մասնակցած է 26.468 քաղաքային:
Համաձայն ընտրական օրէնսգիրքի 141 յօդուածի 3 եւ 4 կէտերու՝ մանտաթներու բաշխումը իրականացուած է հետեւեալ կերպ. «Պալասանեան դաշինք» կուսակցութիւն՝ 14 մանտաթ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 11, «Զարթօնք» կուսակցութիւն՝ 4 մանտաթ, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 2, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 2 մանտաթ:
Քաղաքական ուժերը իրենց անուանական մանտաթները յանձնաժողովէն կրնան վերցնել 28 Հոկտեմբերին: