«Կապան համայնքի ղեկավար Գէորգ Փարսեանի եւ Գորիսի համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեանի հետ աշխատանքային այցով գտնւում ենք ԱՄՆ Կալիֆորնիա նահանգում: Այցին մասնակցում է ամերիկահայ միջազգային փաստաբան Գառնիկ Քերքոնեանը: Այցը կազմակերպուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի աջակցութեամբ` ամերիկահայ փաստաբան Կարօ Ղազարեանի ընդհանուր ղեկավարութեամբ», կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ «Թաթոյեան» հիմնարկի տնօրէն Արման Թաթոյեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած այցելութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդներու, կրօնական առաջնորդներու, Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարներու, Լոս Անճելըսի հայ համայնքին եւ ուրիշներու հետ:
Այցելութեան նպատակն է՝ ամերիկեան հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն ներկայացնել Ատրպէյճանի ոճիրները եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները, ներառեալ՝ Հայաստան ներխուժումները եւ անոնց պատճառով Սիւնիքի մարզի Կապան եւ Գորիս համայնքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Պիտի քննարկուին նաեւ Կապանի եւ Գորիսի կապերու ամրապնդումը Քալիֆորնիոյ նահանգին եւ Լոս Անճելըսի համապատասխան մարմիններուն հետ:
Նշենք, որ Կլենտէյլը եւ Կապանը քոյր քաղաքներ են: