Շուրջ 65 հազար մարդ այցելած է Սուրբ Պետրոսի տաճար՝ հրաժեշտ տալու Հռոմի պատուաւոր Պենետիկտոս 16-րդ պապին, որ մահացած է 31 դեկտեմբերին։ Հրաժեշտի արարողութեան առաջին օրուան տուեալները յայտնած է Վատիկանի ոստիկանութիւնը։
Ի սկզբանէ Վատիկանի իշխանութիւնները կ'ակնկալէին օրական մօտ 30-40 հազար այցելու։ Հանգուցեալի մարմինը կաթոլիկ աշխարհի գլխաւոր տաճարին մէջ պիտի մնայ մինչեւ հինգշաբթի՝ 5 յունուար, յուղարկաւորութեան օրը, որուն համար նախատեսուած են 50 – 60 հազար հաւատացեալներու ներկայութիւնը, բացի քաղաքական ու եկեղեցական պաշտօնական պատուիրակութիւններէն։
Արարողութիւնը պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապը, հանդիսանալով պատմութեան մէջ առաջին Պապը, որ թաղման կարգը կը կատարէ իր մէկ նախորդին եւ այս մէկը կարելի է նկատել պատմական պահ մը։
Սուրբ Աթոռի մամուլի ծառայութիւնը հաստատած է, որ Պենետիկտոս 16-րդը պիտի յուղարկաւորուի իր նախորդի՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի (1920-2005) սկզբնական գերեզմանին մէջ՝ տաճարի խորանի տակ գտնուող դամբարանին մէջ։
![]()
Նշենք, որ երկուշաբթի 2 Յունուար 2023-ի առաւօտեան կանուխ` ժամը եօթէն սկսեալ, վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս 16-րդին մարմինը` Վատիկանի «Mater Ecclesiae» վանքէն փոխադրուած էր Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա, ուր Սուրբ Պետրոս Տաճարի Աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթիի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած էր յատուկ արարողութիւն մը, որմէ ետք Սուրբ Պետրոս տաճարին դռները բացուած էին հաւատացեալներուն առջեւ, որոնք առաւօտ կանուխէն, մեծ թիւով, շարք բռնած էին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ վերջին հրաժեշտ տալու խոնարհ ու հեզ բայց նաեւ հսկայ Քահանայապետին, որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած էր 19 ապրիլ 2005ին, յաջորդելով այլ մէկ մեծ Քահանայապետ եւ Սուրբ` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, որուն ամենամօտ համագործակիցներէն մին եղած էր։