image

Հրաժարիլ յարձակումէ. Հռոմի պապի յորդորը Ուքրանիոյ

Հրաժարիլ յարձակումէ. Հռոմի պապի յորդորը Ուքրանիոյ

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ կոչ ըրած է հրաժարելու յարձակողական գործողութիւններէն`յայտարարելով, որ պատրաստ է իր ներկայացուցիչները ուղարկել Մոսկուա եւ Քիեւ՝ բանակցութիւններ կազմակերպելու:

«ՌԻԱ Նովոստի»ի հետ զրոյցին տեղեկութիւնը յայտնած է Հնադաւաններու համաշխարհային միութեան նախագահ Լեոնիտ Սեւաստեանովը՝ ներկայացնելով Հռոմի պապի հետ վերջին զրոյցի բովանդակութիւնը։

«Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը ուքրանական հակամարտութեան կողմերուն կոչ կ'ընէ հրաժարելու յարձակման փորձերէն եւ բանակցութիւններու սեղանի մօտ նստելու։ Պայմանաւորուածութեան կարելի է հասնիլ միայն բանակցութիւններու միջոցով, ոչ թէ ռազմի դաշտին մէջ: Բանակցութիւնները երկու կողմերու համար ալ առաջընթացի կը յանգեցնեն։ Ան պատրաստ է որեւէ պահու Քիեւ եւ Մոսկուա ուղարկել իր բանագնացները, որոնք կ'օգնեն սկսիլ բանակցային գործընթացը», -ըսած է Սեւաստեանովը։