Լաչինի միջանցքի տարածքին արձանագրուած է հրադադարի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խաղապահ առաքելութեան գործունէութեան մասին տեղեկագրին մէջ։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։
Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններու ու Լաչինի միջանցքի մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետա-սակրաւոր խումբերը կը շարունակեն կառոյցներու եւ տեղանքի ականազերծումը։ Օրուան ընթացքին մաքրուած է 0,4 հա տարածք»,- ըսուած է տեղեկագրին մէջ։