Ատրպէյճանը Լաչինի միջանցքի անցակէտին մօտ տեղադրած է տեղեկատուական վահանակ, ուր կ'ըսուի՝ «Ուշադրութիւն, դուք մուտք կը գործէք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածք»:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօրավար-մայոր Անտրէյ Վոլքովի մասնակցութեամբ, կը շարունակուին Հակարիի կամուրջը բանալու շուրջ բանակցութիւնները։
Ռուսերը առանձին քննարկումներ կ'ունենան ե՛ւ ատրպէյճանական, ե՛ւ արցախեան կողմերու հետ, տեղեկացուցած էր Արցախի խորհրդարանի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը։
Արդէն 3-րդ օրը շարունակուող բանակցութիւնները, սակայն, ըստ անոր, դեռ արդիւնք չեն տուած։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Ռուսիոյ ՊՆ-ն «միակողմանի եւ չհամաձայնեցուած» որակած էր Ատրպէյճանի վերջին գործողութիւնները Լաչինի միջանցքին։