image

Հնդկաստանի մէջ գործի դրուած է ոսկիի դրամատնային սարքը. Այն առաջինն է աշխարհի մէջ

Հնդկաստանի մէջ գործի դրուած է ոսկիի դրամատնային սարքը. Այն առաջինն է աշխարհի մէջ

Հնդկաստանի Հայտերապատ քաղաքին մէջ գործարկուած է դրա­մա­բաշխ՝ ATM (Automated Teller Machine) սարք, որ թոյլ կու տայ ոսկի գնել վարկային կամ դեբետային փլասթիք քարտերէն՝ գումարով: 

Ինչպէս գրած է The Economic Times-ը, սա աշխարհի մէջ առաջին նման դրա­մա­բաշխ սարքն է, որ կ'աշխատի իրական ժամային ռեժիմով։

Սարքը արտադրուած է մասնաւոր հնդկական Goldsikka Pvt Ltd ընկերութեան կողմէ, որ մշակած է այս սարքի միջոցով ոսկի վաճառելու նորարարական արհեստագիտութիւն։ Դրա­մա­բաշխ՝ ATM սարքին մէջ կը պահուի 5 քկ. 24 քարաթանոց ոսկի. այն թոյլ կու տայ զանոնք գնել ութ տարբերակով՝ 0,5 կրամէն մինչեւ 100 կրամ: Դրա­մա­բաշխ՝ ATM սարքին կարեւոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ անոր պաստառին ոսկիի գինը կը թարմացուի իրական ժամանակին՝ Լոնտոնի ֆոնտային սակարանին մէջ այս թանկարժէք մետաղի գնանշումներու փոփոխութեան համապատասխան:

Սարքը ունի ցանցահէններէ պաշտպանուելու յուսալի համակարգ։ Ապահովուած է ներկառուցուած տեսախցիկով, ձայնային ահազանգով եւ ունի ոստիկանութեան հետ կապի գիծ։

Goldsikka-ի ներկայացուցիչներու խօսքով՝ սարքը բոլորին կ'ընձեռէ ոսկիի մէջ ներդրումներ կատարելու հնարաւորութիւն՝ խուսափելով ֆինանսական կորուստներէ՝ առանց դրամատուն կամ ոսկերչական խանութներ այցելելու։

Գործողութեան առաջին օրը նորարարական սարքը սպասարկած է 20 յաճախորդ։

Goldsikka-ն կը նախատեսէ Հնդկաստանի մէջ տեղադրել այդ սարքէն 3000-ը եւ իր արտադրանքով դուրս գալ համաշխարհային շուկայ: