image

Հին Շէնգաւիթի Գաղտնիքները

 Հին Շէնգաւիթի Գաղտնիքները

Երեւանի սրտին մէջ, հնագէտները պեղած են քաղաք, որ իրենց իսկ պնդմամբ՝ 5500 տարեկան է: Այս հնագոյն քաղաքը Էրեբունի քաղաքէն մեծ է 2000 տարի: 

«Խօսքը «Շէնգաւիթ» հնավայրի մասին է, որ հիմնուած է Հրազդան գետի ափին, երբ այդտեղ, մարդու բնակութեան համար եղած են բացառիկ նպաստաւոր պայմաններ: Մէկ կողմէն գետն է, որ մատակարարած է ջուր եւ սնունդ: Գետը եղած է ձկնառատ, քանի որ մենք այդտեղ բազմաթիւ ձուկերու ոսկորներ յայտնաբերած ենք: Այն ժամանակ, Հրազդան գետով մինչեւ մէկ մեթր մեծութեամբ ձուկեր վխտացած են:

Միւս կողմէն՝ աղի հանքերն են: Վաղ պրոնզէ դարաշրջանին, աղը շատ հետաքրքիր նշանակութիւն ունէր:

Որպէս երրորդ գործօն՝ մեծ դեր ունեցած է Հրազդանի բարեբեր հողերով օժտուած հովիտը: 

Այսպիսով, ապահովելով սնունդն ու պաշտպանական դիրքը՝ այս տեղանքը յարմարաւէտ եղած է, որպէսզի այստեղ մարդիկ ապրին աւելի քան 1000 տարի»,- այս մասին   օրերս  ըսած է  է, հնագէտ, Հին Շէնգաւիթ քաղաքի պեղումներու ղեկավար, արուեստագիտութեան դոկտ. Յակոբ  Սիմոնեան:  

 Հարցումին, ո՞ր ազգի նախնիները պէտք է ապրած ըլլային այս տարածքին վրայ, Սիմոնեան պատասխանած է «Հարիւրաւոր փորձանմուշներու շուրջ կատարուած են DNA (ԴՆԹ) տարրալուծումներ, որոնց արդիւնքները հրատարակուած են բաւական հեղինակաւոր ամսագիրի մը մէջ: Այս տարրալուծումներու արդիւնքները վկայած են, որ հայերը այս տարածքին վրայ կ'ապրին 8000 տարիէ ի վեր»: 

Ըստ հնագէտին, մեր նախնիները վարած են բաւական բարդ կենսակերպ եւ ծաւալած են տնտեսական աշխոյժ գործունէութիւն: Այդ մասին կը վկայէ պեղուող՝ մօտ 200 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ աւելի քան 27 տնտեսական հորերու բացումը: Մարդիկ եղած են մաքրակենցաղ եւ իրենց ամենօրեայ աղբը ամբարած են այդ հորերուն մէջ, անոնք ծառայեցնելով որպէս աղբամաններ: 

 Սիմոնեան նաեւ  նշած է, որ Շէնգաւիթի մէջ, մասնագէտները նկատած են խիստ զարգացած հաւաքականութեան բազմաթիւ հետքեր: Տարբեր թաղամասերու մէջ բնակութիւն հաստատած են տարբեր մասնագիտութիւններու արհեստաւորներ: Կաւագործութիւնն ու մետաղագործութիւնը հասած են բացառիկ մակարդակի: Պղինձ կշռող մետաղներու յայտնաբերումը առիթ կու տայ հաստատելու, որ այդ մարդիկ զբաղած են առեւտուրով, իսկ առեւտուրը այն ժամանակուայ բարձրագոյն մակարդակն էր, որուն հասած էր մարդկային հաւաքականութիւնը: Ի հաւաստումն այդ առեւտրական յարաբերութիւններուն, Շէնգաւիթի մէջ յայտնաբերուած են հարաւային տաք ջուրերէն բերուած ծովային խխունջներ, որոնք եղած են ապրանքադրամներ, ինչով կատարուած է առեւտուրը:

 Ան նաեւ  ըսած է, որ յայտնաբերուած են նաեւ թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերէ պատրաստուած գաւազանի գլուխներ: Այդ գաւազանները պատկանած են քաղաքի կառավարիչներուն,  որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահէին այդ գաւազանը, որպէս իշխանութեան եւ ուժի խորհրդանիշ: 

Սիմոնեան պնդած է, որ գործ ունինք կրօնական ձեւաւորուած համակարգի հետ, որ նաեւ քաղաքակրթութեան մէկ այլ ցուցանիշ է: Մարդկային հաւաքականնութիւններու մէջ, ձեւաւորուած կրօնական պատկերացումները՝ բարձր զարգացում ունեցող հաւաքականութիւններուն բնորոշ երեւոյթ են, քանի որ այդ մարդիկ չեն բաւարարուած միայն առօրեայ կենցաղային հարցերով, այլ նաեւ որոնած եւ գտած են հոգեւոր արժէքներ: 

«Դժուար է ըսել, թէ աշխարհի մէջ քանի մայրաքաղաք ունի 5500 տարուայ վաղնջական հնավայր: Մեր մայրաքաղաք Երեւանը այդ հազուագիւտ քաղաքամայրերէն մէկն է», ընդգծած է հնագէտը: 

 «Մեր սերունդը պարտք ունի մեր նախնիներու հանդէպ, քանի որ մեր նախնիները ստեղծած եւ թողած են այս ժառանգութիւնը, իսկ հիմա այն պէտք է դնել պետական մակարդակի վրայ: Գիտնականները իրենց խօսքը կ'ըսեն, սակայն այն լծակները, որոնք կը գտնուին պետութեան ձեռքերուն մէջ՝ պէտք է օգտագործուին, այս հնավայրը դարձնելով հանրաճանաչ: Պետութիւնը պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնէ մեր հնագոյն անցեալի վրայ, որովհետեւ միա'յն անցեալի իմացութեամբ կարելի է կերտել ապագան»։

 

Պատրաստեց՝ Էօժէնի Պոսնոյեան

 Օգտուած եմ  Սիմոնեանի  հայրենի   «Հանրային»  պատկերասփիւռի կայանի   թողարկումէն։

 

Օժենի Պոսնոյեան

Օժենի Պոսնոյեան

Ծնած եմ Հալէպ: 2016.Աւարտած եմ Երևանի Գուրգէն...