image

ՀՀ–ն Պաքուին կ՚առաջարկէ հրադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութիւն իրագործել

ՀՀ–ն Պաքուին կ՚առաջարկէ հրադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութիւն իրագործել

Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրները վերսկսած են Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին ՀՀ Զինուած ուժերու կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման մասին հրապարակումները: Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն։

«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքել է այդ տեղեկատւութիւնը: Չնայած դրան, ադրբեջանական աղբիւրները շարունակում են նմանատիպ հրապարակումները՝ համեմելով աշխարհաքաղաքական բնոյթի շեշտադրումներով:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը վերահաստատում է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերի եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւնների հետաքննութեան Հայաստան-Ադրբեջան համատեղ մեխանիզմ ստեղծելու իր առաջարկութիւնը:

Վերահաստատում ենք ՀՀ կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին՝ արդէն իսկ ձեռքբերուած հրապարակային պայմանաւորուածութիւնների շրջանակներում», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: