Յունուար 17-ին Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնն իր 1500-րդ պարեկութիւնը իրականացուցած է Ատրպէյճանի հետ սահմանին մօտ գտնուող շրջաններու մէջ։
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան Х-ի էջին ըրած գրառումէն։
«Առաքելութեան առջեւ դրուած է տեղւոյն մէջ իրավիճակը վերահսկելու եւ այդ մասին զեկուցելու առաջադրանք։ ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պարեկութիւն կ՚իրականացնէ 6 դաշտային կայանէ, որոնք տեղակայուած են Կապանի, Գորիսի, Ջերմուկի, Եղեգնաձորի, Մարտունիի ու Իջեւանի մէջ», - նշուած է գրառման մէջ։