ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը Ազգային ժողով ներկայացուցած է միջնորդութիւններ՝ ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու համար թոյլտւութիւն ստանալու համար։ Այժմ ան խորհրդարանին կը ներկայացնէ Ծառուկեանը անձեռնմխլիութենէն զրկելու եւ կալանաւորելու հիմքերը։
Առաջին դրուագով Դաւթեանը պատմեց, որ ՀՀ քաղշին կոմիտէի ղեկավարի ներգրաւմամբ գործի ընթացքին յայտնաբերուած են ընկերութիւններէն մէկուն փաստաթուղթերը, որոնց մէջ կը յիշատակուին 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ «Ծառուկեան» դաշինքի բաժնած ընտրակաշառքներու մասին տեղեկութիւններ։
Դաւթեանի խօսքով՝ այդ 5 փաստաթուղթերուն մէջ ներառուած են շտապներու ծախսերու, քուէարկողներու համաձայնութիւններու վերաբերեալ եւ այլ տեղեկութիւններ։ Անոնց մէջ կը յիշատակուի նաեւ Ծառուկեանի ազգանունը։
Դատախազը նշած է, որ «Երեւանշին» ընկերութեան ղեկավարը Ծառուկեանէն ստացած է յանձնարարութիւն՝ ընտրողներուն գումարներ բաժնելու համար։ Դաւթեանի խօսքով՝ ապացուցուած է, որ Ծառուկեանը ղեկավարած է խումբ, որ գումար բաժնած է ընտրողներուն։