image

Հայոց բանակի 24 զինուորներ կորսուած կը համարուին

Հայոց բանակի 24 զինուորներ կորսուած կը համարուին

Իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ, ուր տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ երէկ լայնածաւալ յարձակում գործած էին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, Նոյեմբեր 17-ի, ժամը 10։00-ի դրութեամբ, յարաբերականօրէն կայուն է, կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը հիմնականին մէջ կը պահպանուի։

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն, նշելով, որ Նոյեմբեր 16-ի մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով հակառակորդը ունի մինչեւ 70 զոհուած եւ վիրաւոր զինուոր, ինչպէս նաեւ զինուորական սարքերու զգալի կորուստ։ 

Հայկական կողմը ունի 1 զոհուած եւ 13 գերեվարուած զինուոր։ Եւս 24 զինուորի հետ կապը կորած է մարտական գործողութիւններու ընթացքին եւ անոնց ճակատագիրը այս պահուն անյայտ է։ Զինուորներու յայտնաբերման ուղղութեամբ կ'ընթանան շեշտուած աշխատանքներ։ Հակառակորդի վերահսկողութեան տակ անցած է երկու մարտական յենակէտ։

Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կ'ընթանան բանակցութիւններ՝ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման եւ  գերեվարուած հայ զինուորներու վերադարձին շուրջ։