 
                    Հայ Եկեղեցին` Գործակից Եւ Զօրակից Պետութեան
Քրիստոնէութիւնը որդեգրելու իրողութիւնը պատահական երեւոյթ մը չէր մեր կեանքին մէջ եւ ոչ ալ անձի մը կամ անձերու նախասիրութեան կամ ճաշակի հարց մը:
Քրիստոնէութիւնը ինքը չեկա՛ւ մեզի, մե՛նք հրաւիրեցինք, մենք ներքաշեցինք զայն մեր մէջ, քանի մեր դարաւոր ժողովուրդի նկարագրին ու քրիստոնէական վարդապետութեան միջեւ հարազատ նմանութիւններ եւ մտերմութիւններ կային: Նոյնութիւն, որ դիմանալու, տոկունութեան եւ ատով իսկ յաւիտենականութեան կ՛առաջնորդէր: Նոյնութիւն, որ կեանքին քաղցրութիւն կու տար: Նոյնութիւն, որ իմաստութեան հետ աղերս ունէր` իմաստութեամբ ապրելու անցաւոր այս կեանքը:
Մեր ժողովուրդը, ինքնին, առանց այլ եւ այլ ապացոյցի, տոկուն ժողովուրդ եղած է, ինչպէս կը հաստատեն մեծ մտաւորական` Յ. Օշական, Ուիլիըմ Սարոյեան եւ ուրիշներ` վկայելով նոյնպէս, որ այս ժողովուրդը իմաստուն է եւ քաղցր ոգի ու նկարագիր ունեցող ժողովուրդ է` արդարութեամբ եւ իր աշխատասիրութեամբ ապրող:
Լուրջ եւ խորունկ դիտող ու զննող իւրաքանչիւր հայորդի ինքը վկան կրնայ հանդիսանալ այդ նկարագրային գիծերուն: Քրիստոնէական վարդապետութիւնը կու գար նկարագրային այդ գիծերը շեշտելու, մարդուն տրուած աստուածային պատկերը հարազատութեամբ կաղապարելու երկրային կեանքին մէջ:
Կ՛ենթադրեմ, որ մեր ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընկալեց ո՛չ միայն որպէս կրօն, հաւատալիքներու փունջ, այլ` որպէս կեանքի կերպ, կեանքը արժեւորելու հնարաւորութիւն տուող վարդապետութիւն: Զայն ընկալեց` որպէս կեանքի դպրոց, ուղեգիծ եւ նպատակակէտ: Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ անկէ անմիջապէս ետք հայկական դպրոցներու ցանցը մեր կեանքին մէջ ապացոյցներ են այդ ուղղութեամբ: Անկելանոցներ բանալու, իջեւաններ հիմնելու, աղքատներուն տէր կանգնելու մեծններսէսեան ընթացքը վկայութիւն է այդ ուղղութեամբ:
Անտէր ու անպետութիւն ժողովուրդի մը տէր կանգնելու եւ անոր ուղղութիւն տալու եկեղեցիին ստանձնած ինքնաբուխ դերը ապացոյց է այդ իմաստով:
Իսկ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ առաւել քան մէկ դար իր ժողովուրդին ձագ մայրը հանդիսանալու իրողական երեւոյթը աղաղակող փաստ է այդ ուղղութեամբ:
Եկեղեցականի մը նախապաշարումներէ թելադրուած արտայայտութիւն մի՛ նկատէք այս խօսքերը եւ ոչ ալ` աստուածաշնչական ընթերցումներու արդիւնք: Այլ ասոնք կը բխին` մեր հայրերու մտածումներէն, իմաստութենէն, մեր գրականութենէն, մեր յիշողութենէն:
Պատմական ակնարկ
Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէ ետք, պետական արքունիք ու եկեղեցի միասնաբար եւ միակամօրէն աշխատեցան ու պայքարեցան` ի խնդիր հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան եւ հզօրացման:
– Տրդատ Գ. եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ:
– Վռամշապուհ ու Սահակ կաթողիկոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց:
– Պապ թագաւոր եւ Մեծն Ներսէս կաթողիկոս:
Հետագային եւս այդ գործակցութիւնը շարունկուեցաւ, եւ արքունիքը ո՛ւր որ տեղափոխուեցաւ, հոն հաստատուեցաւ նաեւ կաթողիկոսարանը:
Դ. դարէն սկսեալ Հայոց եկեղեցին, այս պարագային` հայ հոգեւորականը, ո՛չ միայն հետամուտ եւ տէր հանդիսացաւ մեր ընկերային, մշակութային եւ, ինչո՞ւ չէ, քաղաքական եւ այլ կալուածներուն, այլեւ եկեղեցականներ իրե՛նք հիմը դրին հայոց գրականութեան` մատենագրութեան (որոնց ծիլերը կը հասնին մինչեւ Սրուանձտեանց եպիսկոպոս, Խրիմեան Հայրիկ, Դուրեան եւ Գուշակեան եպիսկոպոսներ եւ ասդին), Հայոց պատմութեան, հայկական երաժշտութեան, ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, նկարչութեան, բժշկութեան ու նաեւ գիտութեան: Քաղաքական վերիվայրումներու ընթացքին, պատերազմներու ժամանակ, եկեղեցին իր հոգեւորականներով աշխարհականներու կողքէն չբացակայեցաւ` սկսեալ Դ. դարէն մինչեւ վերջերս:
Խոսրով թագաւորի եւ Վաչէ Մամիկոնեանի օրերուն Վրթանէս կաթողիկոս անոնց կողքին մնաց եւ առաջին անգամ սրբադասեց հայ նահատակները:
Վարդանանց պատերազմի ընծացքին ծանօթ է եկեղեցիին եւ հոգեւորականութեան կեցուածքը` «Վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց»:
Մուշեղ Մամիկոնեանի վարած պատերազմին Պապ թագաւոր եւ Ներսէս կաթողիկոս կողք կողքի ներկայ էին:
Է. դարուն ծանօթ է Սահակ Ձորափորեցի կաթողիկոսին տարած աշխատանքը, որ չխափանուի հայոց իշխանութիւնը:
Ը. դարուն Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոս տքնաջան աշխատանք տարաւ արաբ տիրապետողներու մօտ` փրկելու հայրենիքը:
Թ. դարուն ակներեւ է Աշոտ թագաւորի եւ Զաքարիա Ձագեցի կաթողիկոսին գործակցութիւնը:
Հայ ժողովուրդի ազատագրական դարաւոր պայքարի ընթացքին անուրանալի են եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան տարած աշխատանքն ու դերակատարութիւնը:
ԺԵ.- ԺԸ. դարերուն Սիսի, Աղթամարի եւ ապա Էջմիածնի եւ Գանձասարի կաթողիկոսութիւնները միշտ արծարծ պահեցին հայոց պետականութեան վերականգման երազը եւ դիմեցին նաեւ գործնական քայլերու: Յիշելի են.
– 1547-ի խորհրդաժողովը` Ստեփանոս Սալմաստեցի կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ,
– Միքայէլ Սեբաստացի եւ ապա Խաչատուր Բ. Զէյթունցի կաթողիկոսներու նախաձեռնութիւնները,
– Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսին կազմակերպած խորհրդաժողովը 1677-ին,
– ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն Եսայի եւ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսներուն ջանքերը,
– Խրիմեան Հայրիկի եւ յաջորդներու տարած աշխատանքները:
Ա. Համաշխարհային պատերազմէն մինչեւ Հայաստանի անկախութիւն եւ Կիլիկիոյ պարպում, յստակ ու խօսուն դերակատարութիւն ունեցած են` հայ հոգեւորականներ, կաթողիկոս, եպիսկոպոս եւ քահանայ:
Ցեղասպանութենէն ետք ժողովուրդի բեկորներ եւ որբեր ցրուեցան ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ: Եկեղեցին իր վերապրած փոքրաթիւ եկեղեցականներով սկսաւ որբահաւաքի, ինչպէս նաեւ` տարագիր խլեակներ մէկտեղելու աշխատանքի: Հազարաւոր նամակներ կան այդ ուղղութեամբ անցեալ դարու սկիզբէն մինչեւ 40, 50-ական թուականները: Ասոր փաստը` այսօրուան սփիւռքն է` որպէս հայրենիքը զօրացնող ուժ:
Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականին կատարած դերը, այսպէս կոչուած, անպետութիւն երկարատեւ շրջանին:
Այսօր «Շունն ու կատուն» հեքիաթը յիշեցնող զաւեշտախառն ողբերգութեան մէջ մխրճուած ենք, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս: Համեստօրէն պիտի թելադրէի, որ իշխանաւորները ապաշխարեն, քանի որ կը յայտարարեն, թէ կը սիրեն եկեղեցին ու Աւետարանը եւ զգենուն աստուածադիր պատկերը:
Աստուաշնչական տուեալներով հիմնաւորուած այս խօսքը գրեցի` որպէս սրտցաւ հօր մը պատգամը իր եղբայրներուն եւ զաւակներուն: Հետեւեցէք այս խօսքին, որ շահիք համակրանքը ժողովուրդին եւ վայելէք օրհնութիւնը Աստուծոյ: Ուրիշ ճամբայ չկայ փրկուելու այս քայքայուած եւ քայքայող վիճակէն:
(Շար. 4 եւ վերջ)
Վարուժան Արքեպիսկոպոս
«Ազդակ»
***