image

Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը. «Քրիստոնեային պատերազմը»

Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը. «Քրիստոնեային պատերազմը»

 

 

«Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։» (Եփս. 6:12):

Քրիստոս, մեր Տէրը, երկնքի արքայութեան մասին խօսելով ըսաւ՝ «երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները միայն կը յափշտակեն զանիկա» ( Մտթ. 11:12): Յափշտակութեամբ առնել կ'ենթադրէ պայքար եւ պատերազմ: Իսկոյն կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր յարատեւ պայքար եւ պատերազմ կայ: Ս. Պօղոս խօսելով այս պատերազմին մասին, մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր պայքարը «արիւնի եւ մարմնի» դէմ չէ: Մեր պատերազմը մարդոց, հաստատութիւններու եւ կամ քաղաքական իշխանութիւններու դէմ չէ. այլ մարդկութեան դարաւոր Թշնամիին՝ Սատանային դէմ: Ս. Յովհաննէս Պօղոս քահանայապետ իր 13/08/1986 ի հրապարակային ունկնդրութեան ատեն արտասանած խօսքին մէջ կը յիշէ՝ «Սատանան կը ցանկայ կործանել ճշմարտութեան համաձայն ապրուած կեանքը ... Ան կը փորձէ մարդու մէջ ներմուծել Աստծոյ դէմ մրցակցութեան հոգին՝ անհնազանդութեան եւ հակառակութեան վերաբերմունք, որ կարծես դարձած է անոր ամբողջ գոյութեան շարժառիթը։»:

Մարդը իր այս վերաբերմունքով իր եւ իր շուրջիններուն կեանքը կը կործանէ: Սակայն ինչպէս Ս. Քահանայապետը ըսաւ, այս ապստամբութեան հոգին իր աղբիւրը կը գտնէ Չարին մէջ: Հետեւաբար մեր պատերազմն ալ պէտք է ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ:  Ս. Պօղոս դարձեալ այս պատերազմին մասին խօսելով կը գրէ՝ «Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք,  Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն» (Բ. Կորթ. 10:3):

Յաղթանակը միայն կարելի է ձեռք ձգել, անոր՝ Չարին ազդեցութիւնը մեր վրայէն ամբողջականօրէն անհետացնելով: Միշտ աղօթելով մանաւանդ վարդարանը, որ մեր մեծագոյն պաշտպանն Չարին հնարքներուն դէմ:

Ս. Պօղոս Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզած ժամանակ, հռոմէական կայսրութիւնը կը տիրապետէր այդ ժամանակուայ ճանչցուած աշխարհին վրայ: Հզօր բռնատիրութիւն մը զօրքերով եւ զէնքերով. մշակոյթով եւ քաղաքակրթութեամբ եւ ատենին շինարարական ամենարդի ճարտարապետութեամբ:  Արդեօ՞ք կարելի էր այս նոյն զէնքերով պատերազմիլ հսկայ կայսրութեան մը դէմ: Սակայն Ս. Պօղոս յաղթեց այս բոլորին եւ ի վերջոյ ամբողջ կայսրութիւն մը քրիստոնեայ դարձաւ, միայն սպառազինուելով եւ պատերազմելով քրիստոնէաբար:  

Հետեւաբար նմանինք Ս. Պօղոսի օրինակին, ինքը որ ըսաւ՝ «կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք» (Ա. Կորնթ. 4:16), եւ մենք ալ այս աշխարհին պիտի յաղթենք:

 

 

 Նիւթը՝  «Ռատիօ Վատիկան»ի  Հայկական ծառայութիւնէն