image

Հայր Անտոն «ապուշ խօսք» կը համարէ զինեալ խումբի ընելիքներուն վերաբերեալ իր իմացութեան մասին ուղղուած հարցումը

Հայր Անտոն «ապուշ խօսք» կը համարէ զինեալ խումբի ընելիքներուն վերաբերեալ իր իմացութեան մասին ուղղուած հարցումը

«Ամէն ինչ շինծու է, ես չեմ ընդունում մեղադրանքը»,- այսօր Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս զինուած խումբի գործով դատական նիստէն ետք լրագրողներուն յայտարարեց այս գործով մեղադրեալ Գիւմրիի «Ռատիօ Մարիամ» ռատիօկայանի հիմնադիր, Աւստրալիայէն  Հայաստան    տեղափոխուած Հայր Անտոն Ծ. Վարդապետ Թոթոնճեան:

Նշենք, որ զինուած խումբի գործով Հայր Անտոն մեղադրուած է խումբի պարագլուխ Արթուր Վարդանեանին գործունէութիւնը նիւթապէս օժանդակելու մէջ: Զինուած խումբը, ըստ նախաքննութեան տուեալներու, նպատակ ունեցած է պայթեցնել շէնք-շինութիւններ, այդ թուին՝ պետական մարմիններ: Մեղադրուած է 20 անձ, նաեւ՝ քաղաքական, հասարակական գործիչներ, ազատամարտիկներ:

Այսօր այս գործով դատական առաջին նիստն էր, եւ այն անմիջապէս յետաձգուեցաւ, քանի որ ամբաստանեալներէն չէր ներկայացած  ՀՀ Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեան, իսկ երկու ամբաստանեալներու հանրային պաշտպաններն ալ նոր  ներգրաւուած էին գործին մէջ ու ծանօթ չէին գործի նիւթերուն:

Անոնք դատարանին խնդրեցին մէկ ամիս ժամանակ տրամադրել՝ գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար, եւ դատարանը բաւարարեց միջնորդութիւնը: Դատական նիստը յետաձգուեցաւ եւ պիտի շարունակուի 13 Յունուարին:

Դատարանի նիստերու դահլիճէն դուրս գալէն ետք այս գործով ամբաստանեալ հայր Անտոն Տիգրան Թոթոնճեան, որուն նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ չ'ընդունիր իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքը:

Այն հարցին, թէ արդեօք ան Արթուր Վարդանեանին կը  ճանչնա՞յ, հոգեւորականը պատասխանեց. «Մեր ռատիոյում նա հարցազրոյց ունեցաւ, երբ Քեսապը ազատեց: Ես Արթուրին ճանաչում եմ, որովհետեւ ինքը Քեսապը ազատեց»:

Իսկ այն հարցին, թէ ան տեղեակ եղա՞ծ է, որ զինուած խումբը նպատակ ունեցած է շէնք-շինութիւններ գրաւել, հայր Անտոն պատասխանեց. «Ի՜նչ ապուշ խօսք»: Այլ հարցերու ան հրաժարեցաւ պատասխանել:

Լուրը ՝ «Հայ Ձայն» կայքէն: