Երևանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսած է: Այս մասին յայտնեց աւագանու իշխող խմբակցութեան անդամ Արմէն Կոտոլեանը։
Նախնական տուեալներով 39 ստորագրութիւն արդէն կայ։ Գործընթաց սկսելու համար 33 ստորագրութիւն անհրաժեշտ է։
Այլ մանրամասներ Արմէն Կոտոլեանը չփափաքեցաւ նշել։
Աւելի վաղ մամուլի մէջ լուրեր տարածուած էին, որ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ 10 օրուայ մէջ պաշտօնանկ կ'ըլլայ։