Լիբանանցի Super Star Հայֆա Ուահպէիի օրեր առաջ տարածուած մէկ լուսանկարը մեծ աղմուկի պատճառ դարձած է մասնաւորապէս անոր երկրպագողներու շրջանակին մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Ժամիլա» կայքը։
Աղբիւրը, որ լուրի կողքին տեղադրած է նաեւ Հայֆայի առանց շպարի առնուած մէկ լուսանկարը գրած է, թէ երկրպագուները մեծ հիսաթափութիւն ապրած են տեսնելով Հայֆան այդ վիճակին մէջ։
Յիշեցնենք, որ արաբական աշխարհի մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող Հայֆա Ուահպէ կը սերի տնտեսապէս անապահով ընտանիքէ մը եւ ոչ այնքան իր ձայնին, ապա իր հմայքին կարողացած է մեծ ուշադրութիւն գրաւել, ինչպէս նաեւ կարեւոր հռչակի հասնիլ։