Այսօր՝ 16 Սեպտեմբերին, Տուշանպէ քաղաքին մէջ Տաճիկստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Էմոմալի Ռահմոնի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցած են Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը, Պելառուսիոյ նախագահ՝ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն, Խազախիստանի նախագահ՝ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Խրխըզիստանի նախագահ՝ Սատիր Ժափարովը, Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը եւ Տաճիկստանի նախագահ՝ Էմոմալի Ռահմոնը: Հանդիպման ներկայ էր ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը: Այս մասին տեղեկացանք ՀԱՊԿ կայքէն։
Նշուած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի անդամները քննարկած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան արդի հիմնախնդիրները եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնական արդիւնքները: Քննարկման ամենակարեւոր հարցերէն էին Աֆղանիստանի իրավիճակը եւ անոր ազդեցութիւնը ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու անվտանգութեան վրայ:
Նիստին Հայաստանը ստանձնած է ՀԱՊԿ նախագահութիւնը 2021-2022 թուականներու համար եւ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է երկրի իրականացնելիք առաջնահերթութիւնները:
Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Երեւան 2022-ի 4-րդ եռամսեակին: Այս հարցի վերաբերեալ ընդունուած է առանձին արձանագրային որոշում: