22 Մայիսի երեկոյեան ատրպէյճանական Զինուած ուժերու Հայաստանի տարածք ներթափանցած անձնակազմի մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքեր: Մամուլին մէջ շրջանառուող պնդումը, թէ «Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի մօտ 1000-է աւելի ատրպէյճանցի զինուորական կայ» չի համապատասխաներ իրականութեան:
Հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լիարժէք կը վերահսկեն իրադրութիւնը` շարունակելով արգելափակուած պահել ատրպէյճանցի զինուորականներուն։