Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ ուղիղ կապ հաստատուած է, այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը։
ԵԽ նախագահը բարձր գնահատած է երկու ղեկավարներուն ձեռնարկած քայլերը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերջին զինուած բախումներէն յետոյ լարուածութեան թուլացումը ապահովելու ուղղութեամբ։
«Կողմերը ընդունած են, որ երկու երկիրներու պաշտպանության նախարարներուն միջեւ յաջողութեամբ հաստատուած է ուղիղ կապ՝ նախագահ Միշէլի աջակցութեամբ։ Այս մեխանիզմը կրնայ ծառայել ապագայ միջադէպերու կանխարգիլման ու դրական ազդեցութիւն ունենալ լարուածութեան թուլացման հարցին մէջ», նշուած է ԵԽ նախագահի՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման արդիւնքներով տարածուած յայտարարութեան մէջ։