image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ 4-օրեայ արձակուրդ

Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ 4-օրեայ արձակուրդ

Կառավարութիւնը ընդունած է որոշում, որով 2021 թուականի 20 Սեպտեմբերի աշխատանքային օրը տեղափոխուած է 2021 թուականի 25 Սեպտեմբերի` շաբաթ օրը: 

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը նշած է, որ «Աշխատանքային օրը տեղափոխելու մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու կապակցութեամբ քաղաքացիներու հանգիստը կազմակերպելու անհրաժեշտութեամբ:

ՀՀ կառավարութեան սոյն որոշման նախագիծի ընդունումը կը բխի «Հայաստանի Հանրապետութեան տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 19-րդ յօդուածէն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ յայտնի հանգամանքներու բերումով բոլորիս տրամադրութիւնը տօնական կարելի չէ համարել, բայց կառավարութիւնը որոշած է պատշաճ ձեւով նշել Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը:

«Հանրապետութեան հրապարակում տեղի է ունենալու մասշտապային եւ գունագեղ տօնակատարութիւն, որն առաջին հերթին նուիրուած է լինելու Հայաստանի անկախութեան, անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան եւ Արցախի համար կեանքը զոհած նահատակների յիշատակին: Այս փոփոխութիւնն արուած է նրա համար, որ անկախութեան 30-ամեակի առիթով ունենանք 4 անըմդմէջ ոչ աշխատանքային օր: Որոշումն այսպիսի համատեքստ ունի, կարծում եմ ճիշդ է նման տրամաբանութեամբ առաջ շարժուել»,- ըսած է վարչապետը: