image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան եւ Թուրքիա բանագնացնե՞ր . Չաւուշօղլուէն «աննախադէպ» խօսք

Հայաստան  եւ  Թուրքիա բանագնացնե՞ր . Չաւուշօղլուէն «աննախադէպ» խօսք

Հայաստան ու Թուրքիա յատուկ բանագնացներ կը նշանակեն, որոնք  պիտի քննարկեն յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերը։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն՝ աւելցնելով, որ երկիրները կը վերսկսին թռիչքներ Պոլսոյ եւ Երեւանի միջեւ, յայտնած է Reuters-ը։

Ելոյթ ունենալով խորհրդարանէն ներս արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէի քննարկման ժամանակ՝ Չաւուշօղլուն ըսած է, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կը համակարգէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերը։