image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան եւ Սուրիա նշեցին դիւանագիտական յարաբերութեանց սկսման 30-րդ տարեդարձը

Հայաստան եւ Սուրիա  նշեցին դիւանագիտական յարաբերութեանց  սկսման 30-րդ տարեդարձը

Մարտ 6-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Սուրիոյ արտաքին գործերու եւ սփիւռքի նախարար Ֆայսալ Միքտատ ուղերձներ փոխանակած են` Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով:

Նախարար Արարատ Միրզոյեան իր ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ հայ-սուրիական յարաբերութիւնները խարսխուած են միմեանց նկատմամբ յարգանքի ու վստահութեան ամուր հիմքերու վրայ, ինչ որ բազմիցս արտայայտուած է դժուարին իրավիճակներում մէջ երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու` միմեանց նկատմամբ ցուցաբերած մարդասիրական եւ բարոյական աջակցութեամբ: Նախարարը նաեւ ընդգծած է սուրիահայ համայնքի առանձնայատուկ դերակատարումը` որպէս բարեկամութեան աներեր կամուրջ երկու երկրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ:

ՀՀ ԱԳ նախարարը համոզմունք յայտնած է առ այն, որ հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւնները հետագայ տարիներուն առաւել պիտի ընդլայնուին եւ ամրապնդուին:

Սուրիայի ԱԳ նախարար Ֆայսալ Միքտատ, յղելով իր ջերմագին շնորհաւորանքները ՀՀ ԱԳ նախարարին, նշած է, որ մեր երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներում մէջ ունեցած են շարունակական զարգացում: Սուրիական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է աւելի խորացնելու հայ-սուրիական յարաբերութիւնները եւ ամրապնդելու պատմական կապերը` ի շահ երկու բարեկամ ժողովուրդներու եւ երկիրներու: