image

Հայաստան Արցախի խնդրով դիմած է ՄԱԿ-ին

Հայաստան Արցախի խնդրով դիմած է ՄԱԿ-ին
Հայաստան դիմած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ խնդրելով, որ Անվտանգութեան խորհուրդը հրատապ նիստ գումարէ՝ կապուած Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ անոր հետեւանքով մարդասիրական  իրավիճակի վատթարացման հետ։ Կը տեղեկանանք ՄԱԿ–ի թուիթըրեան էջէն։

«Հայաստանի կառավարութիւնը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, որպէս միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար պատասխանատու գլխաւոր մարմնի միջամտութիւնը՝ կանխելու զանգուածային վայրագութիւնները, անոնց կարգին ռազմական յանցագործութիւնները, ցեղային զտումները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը»,- ըսուած է Հայաստանի դիմումին մէջ։

Թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակուած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան նամակը: