image
Հրատապ լուրեր:

Հայ-թրքական խնդրով Ամերիկա «կ՚ողջունէ»

Հայ-թրքական խնդրով Ամերիկա «կ՚ողջունէ»

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքեն արձագանգած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի յայտարարութեանն ու ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեանի պատասխանին:

«Կ'ողջունենք եւ խորապէս կ'աջակցինք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի եւ Հայաստանի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնները յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին», իր թուիթըրեան էջով գրած է Պինքեն: