«Եկեղեցական կանոնագրքին համաձայն մկրտուիլ ուզող ոեւէ անձ պէտք է քրիստոնէական դաստիարակութեան շրջանէ մը անցնի»: «Արեւելք»ին ըսաւ Տ. Մարտիրոս Քհնյ Պէրպէրեանը: Տէր հայրը նշեց, որ պէտք է բոլորս առաջնորդուինք մեր եկեղեցւոյ կանոնագիրքով՝ «Մաշտոց»ով, որուն ամէնէն հիմնական ուսմունքը հետեւեալն է. «Նախ ուսուցանել զՔրիստոս եւ զհաւատամքն եւ յետոյ մկրտել»: Տէր Հայրը նաեւ ըսաւ, որ մկրտութեան արարողութիւնը այսօր դարձած է ծէս եւ այսօր քիչ չէ անոնց թիւը, որոնք կը մկրտուին առանց քրիստոնէութեան կամ Քրիստոսի ուսմունքի մասին տեղեկացուած ըլլալու: Ան ըսաւ, որ հայ եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանը բաց պէտք է ըլլայ բոլորին առաջ պայմանով, որ «անոնք ընդունին Քրիստոսը, հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հաւատամքը, հայ եկեղեցւոյ դաւանանքը եւ վերջ»: Տէր հայրը նոյն առումով անընդունելի համարեց այն , որ մեր եկեղեցւոյ մէջ մկրտութիւն կրնան ստանալ միայն հայերը: Ան նաեւ ըսաւ. «Ճիշդ ու տեղին է, որ այն անհատները, որոնք քրիստոնեայ մկրտուիլ փափաքողները պէտք է անցնին դաստիարակչական հանգրուանէ մը եւ այս մէկը պէտք է յայտարարուի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն առաջ: Նախօրօք Մոսկուայի մէջ ծառայած Տէր Հայրը նաեւ նկատել տուաւ, որ այսօր Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ հոգեւոր հայրերու եւ հովիւներու կարիքը կայ, բայց ոչ ոք այս առումով աշխատանք կը տանի: Ան նաեւ անհիմն համարեց այն խօսքերը, ըստ որոնց այն անհատները, որոնք 3 տարի Հայաստան կ'այցելեն, յետոյ միայն կրնան մկրտութեան արժանի դառնալ: Տէր Մարտիրոս ըսաւ, որ այսօր քիչ չէ թիւը այն հոգեւորականներուն, որոնք կուզեն ծառայել Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, բայց Թուրքիոյ կառավարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ այդ մէկուն, որովհետեւ ըստ թրքական օրէնսդրութեան երկրէն ներս կրօնական գործունէութիւն ծաւալող կամ ծաւալել ուզող ոեւէ անհատ պէտք է թրքահապատակ ըլլայ: Տէր հայրը նաեւ ըսաւ, որ այսօր Հայաստանեայց եկեղեցին կոչուած է մանրամասն կերպով քննարկել եւ լուծումներ առաջարակել այն իսլամացուած հայերուն համար, որոնք օր առաջ կ'ուզեն իրենց արմատներուն վերադառնալ: «Մի մոռնաք, որ տարբեր պայմաններու եւ վախի ազդեցութեան տակ իսլամացուած շուրջ 4 միլիոն հայեր կան եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով տէր կանգնիլ անոնց» եզրակացուց Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Պէրպէրեանը: