image
Հրատապ լուրեր:

Հարկ է վերջ տալ Լաչինի միջանցքի արգելափակման. Amnesty International

Հարկ է վերջ տալ Լաչինի միջանցքի արգելափակման. Amnesty International

Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակումը կը վտանգէ Լեռնային Ղարաբաղի հազարաւոր մարդոց կեանքը, այս մասին յայտարարած է Amnesty International-ը: Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը «կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ ռուս խաղաղապահներուն անյապաղ ապաշրջափակելու երթուղին եւ վերջ դնելու ծաւալուող մարդասիրական ճգնաժամին»։ 

Կազմակերպութիւնը հարցազրոյցներ կատարած է տարածաշրջանի բժշկական ոլորտի աշխատողներուն եւ բնակիչներուն հետ՝ բացայայտելով շրջափակման առանձնայատուկ ծանր ազդեցութիւնը վտանգի ենթակայ խումբերու, անոնց շարքին՝ կանանց, տարեցներու եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու վրայ:

«Շրջափակումը յանգեցուցած է սնունդի եւ բժշկական պարագաներու խիստ պակասի, քանի որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ռուս խաղաղապահներու կողմէ տրամադրուող մարդասիրական օգնութիւնը բաւարար չէ պահանջարկը բաւարարելու համար: Ելեկտրականութեան, բնական կազի եւ փոխադրամիջոցներու վառելիքի մատակարարման խափանումները ծայրայեղ դժուարութիւններ կ'առաջացնեն յատկապէս այն խումբերուն համար, որոնք խոցելի են: Սա պէտք է դադրի հիմա», - ըսած է Amnesty International-ի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով բաժնի տնօրէն՝ Մարի Սդրաթերզը:

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վերահսկողութիւն կ'իրականացնեն այն տարածքի նկատմամբ, ուրկէ կ'իրականացուի շրջափակումը։ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնն է ապահովել, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը չզրկուի սննդամթերքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ դեղորայքի հասանելիութենէն: Իր հերթին, ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մանտաթ տրուած է՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքի անվտանգութիւնը։ Այդուհանդերձ, երկու կողմերն ալ ակնյայտօրէն չեն կատարեր իրենց պարտաւորութիւնները», - աւելցուցած է Մարի Սդրաթերզը։

Amnesty International-ի հրապարակած յօդուածը կ'անդրադառնայ Արցախի մէջ գրեթէ երկու ամիս տիրող ծանր իրավիճակին. տարածաշրջան մտնող փոխադրամիջոցներու թիւը կրճատուած է օրական 1200-էն մինչեւ 5-6-ի:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը զրուցած է Ստեփանակերտի հիւանդանոցի սրտաբան՝ Վարդան Լալայեանի, նիարդաբան՝ Պիայնա Սուխուդեանի հետ, որոնք ներկայացուցած են դեղամիջոցներու եւ բժշկական անհրաժեշտ պարագաներու պակասի պատճառով հիւանդներու համար ստեղծուած ծանր վիճակը:

Amnesty International-ը զրուցած է նաեւ Արցախի բնակիչներուն հետ: Համաձայն այդ հարցազրոյցներուն՝ սնունդի, մասնաւորապէս՝ միրգերու եւ բանջարեղէնի պակասի պատճառով կանանց եւ երեխաներու շրջանակին մէջ զգալիօրէն աւելցած են դիմադրողականութեան անբաւարարութեան, սակաւարիւնութեան, վահանաձեւ գեղձի հիւանդութիւններու, շաքարախտի վատթարացման դէպքերը: Յղի կանանց մօտ նոյնպէս բարդացումներ առաջացած են, աւելցած են յղիութեան ընդհատման կամ վաղ ծննդաբերութեան դէպքերը:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ խախտուած է կրթութեան իրաւունքը, քանի որ ջեռուցման եւ ելեկտրականութեան անջատումներու պատճառով դպրոցները եւ մանկապարտէզները ժամանակաւորապէս փակ եղած են:

«Արդէն շրջափակման իններորդ շաբաթն է, բոլոր հայեացքներն ուղղուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ ռուս խաղաղապահներուն: Կոչ կ'ընենք երկու կողմերուն՝ մարդկային իրաւանց միջազգային չափանիշներուն համապատասխան անյապաղ ձեռնարկելու արդիւնաւէտ միջոցներ՝ անյետաձգելի կերպով դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ վերջ դնելու ծաւալուող մարդասիրական ճգնաժամին», - նշած է Մարի Սդրաթերզը։