image
Հրատապ լուրեր:

Հարիրի կը գովաբանէ՞ «Հըզպալլա»ն

Հարիրի կը  գովաբանէ՞  «Հըզպալլա»ն

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարած է, որ ինք դէմ չէ, որ «Հըզպալլա» մաս կազմէ իր երկրի  կառավարութեան, միաժամանակ շեշտելով, որ Լիբանան պէտք է հեռու մնայ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ առկայ հակամարտութենէն:

«Wall Street Journal» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Հարիրի յայտնած է, որ «Հըզպալլա» կառավարութեան մէկ մասնիկը կը համարուի, եւ կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են բոլոր քաղաքական խոշոր կուսակցութիւնները, բան մը, որ կ'ապահովէ երկրի քաղաքական կայունութիւնն ու միասնութիւնը:

Հարիրի միաժամանակ կարեւորած է Լիբանանի ազգային շահերու պաշտպանութիւնն առանց արտաքին միջամտութիւններու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է Իրանի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու, որոնք պիտի նպաստեն Լիբանանի շահերու պաշտպանման:

Վարչապետը պարզաբանած է, որ Լիբանանը դաւանական անհանդուրժողականութենէ զերծ պահելն ու ներքին անվտանգութեան հաստատումը տարեկան 4-6 տոկոսի տնտեսական աճ կրնայ ապահովել երկրին համար: