image

Հարցազրոյց պատմագէտ՝ Եոնաս Քաուֆելտթի հետ

Հարցազրոյց պատմագէտ՝  Եոնաս Քաուֆելտթի հետ

Եոնաս Քաուֆելտթ Հիւսիսային Ճորճիա համալսարանին մէջ պատմութեան օգնական դասախօս է եւ հայկական աշխարհին հետ նոր առնչուող մը: Անոր վերջերս լոյս տեսած թարգմանութիւնը՝ «Misak: An Armenian Life» (Gomidas Institute, 2015), կոթողական գործ մըն է, որուն կցած է իր կողմէ գրուած 70 էջերէ բաղկացած հոյակապ ներածական մը:


ՆՈՐԱ ՈՍՊԻԿԵԱՆ.- Դանիացիներ յաճախ Օսմանեան կայսրութեան եւ յետագային Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրող հայերով հետաքրքրուած են: Կրնա՞ք այդ մասին խօսիլ:


ԵՈՆԱՍ ՔԱՈՒՖԵԼՏԹ.- Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ յետագային վերջինէս պարտադրաբար հեռացած եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ հաստատուած հայերուն հետ դանիացիներու առնչութիւնը արդիւնք էր արեւմտեան քրիստոնէական միսիոնարական գործունէութեան, որ 1800ական թուականներուն ծաղկեցաւ կայսրութեան եւ տարածաշրջանի ամբողջ տարածքին մէջ: Դանիացիները այդ ջանքերուն առաջատարը չէին, սակայն 19րդ դարու վերջաւորութեան դէպքերուն պատճառով, 1902ին ստեղծուեցաւ յատուկ օժանդակութեան կազմակերպութիւն մը՝ «Հայաստանի դանիացի բարեկամները»: Այլ խմբակ մը եւս՝ միսիոնարական աշխատանք տանող կիներ, այդ տարիներուն ընթացքին հայ համայնքին հետ առնչակից դարձան: Այդ խմբակին ամէնէն հռչակաւոր գործիչներէն մէկն էր Մարիա Եաքոպսընը:


 ՆՈՐԱ ՈՍՊԻԿԵԱՆ.- Դանիացիներ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կատարեցին: Ի՞նչ տեսակի մարդասիրական գործունէութիւն տարին եւ ի՞նչ էր այլ եւրոպական միսիոնարներու հետ իրենց կապը:


 ԵՈՆԱՍ ՔԱՈՒՖԵԼՏԹ.- Դանիական գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կիներն ու մանուկներն էին: Մասնաւորաբար աշխատանք կը տարուէր թէ՛ կրթութիւն, թէ՛ արհեստի ուսուցում ջամբելու: Ասոնց կարեւորութիւնը զգացուեցաւ, երբ օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակներուն ընթացքին հայ կիներն ու մանուկները դարձան այրիներ եւ որբեր: Քարեն Եփփէ կը հաւատար, որ այդ զոհերը ինքնաբաւ դարձնելը, դարձեալ անոնց ինքնավստահութիւն ներշնչելը՝ զանոք հայ համայնքի կենսունակութեան վերականգնման նպաստող տարրերու վերածելու համար անհրաժեշտ էր: Ի վերջոյ բազմաթիւ կիներ տղամարդոց մահէն ետք վերածուած էին տան պատասխանատուի, ուստի կենսական էր այդ պարտականութիւնը ստանձնելու համար հարկ եղած վարժութիւնն ու գիտելիքները փոխանցել իրենց: Եփփէ, իր բազմաթիւ նախորդներուն նման, կը հաւատար, թէ հայկական մշակոյթի պահպանման ու ջատագովման նպատակին հետ կարիքի զուգորդումը՝ լաւագոյնս կ՛իրագործուի հայկական ձեռային աշխատանքներու արտադրութեամբ ու շրջանառութեամբ:

 

 ՆՈՐԱ ՈՍՊԻԿԵԱՆ.- Քարեն Եփփէի հայերու հետ կապը ինչպէ՞ս հաստատուեցաւ:


 ԵՈՆԱՍ ՔԱՈՒՖԵԼՏԹ.- Եփփէն Թրքահայաստանի մէջ օժանդակութեան գործին մասնակից դարձաւ 1902էն ետք: Հայկական Հարցին եւ պատմութեան քաջածանօթ գրող եւ մասնագէտ Օկէ Մէյըր Պենետիքթսենի խօսքերէն մղուելով՝ ան միացաւ արեւելեան Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան օժանդակող միջազգայնօրէն տարուած ջանքերուն: 1903ին, Ուրֆայի մէջ Գերմանական Արեւելքի առաքելութեան կողմէ ղեկավարուած գերմանական որբանոցին մէջ ուսուցիչի պաշտօն ստանձնելով՝ անոր աշխատանքը մասնաւորաբար կեդրոնացաւ որբացած մանուկներուն վրայ: Օրին շրջանին մէջ դանիացիներու նկատառելի ներկայութիւն չկար, սակայն նորահաստատ «Հայաստանի դանիացի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը, որուն յետագային ան անդամ դարձաւ, զինք շրջան ուղարկման ծախսերուն մէկ բաժինը կը հոգար:

 

 ՆՈՐԱ ՈՍՊԻԿԵԱՆ.- Միսաքի պատմութիւնը ինչի՞ մասին է: Ձեր կարծիքով Եփփէն զայն ինչո՞ւ գրած է:


ԵՈՆԱՍ ՔԱՈՒՖԵԼՏԹ.- Եփփէի վկայութիւնը հիմնականին մէջ իր որդեգիր զաւակին մանկութենէն երիտասարդութիւն հասնող կենսագրութիւնն է: Վէպին գլխաւոր տիպարը՝ Միքայէլ «Միսաք» Մելքոնեան, ընթերցողին կը ներկայացուի իբրեւ 1890ական թուականներու կէսերէն Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ տարուած հակահայ բռնարարքներէն մէկուն պատճառով որբացած զոհ մը: Կը ներկայացնէ յաջորդող երկու տասնամեակներուն ընթացքին անոր պատմութիւնը, որուն կը կցէ նաեւ իր պատմութիւնը: Իրողութեան մէջ «Միսաք»ը նաեւ պատմութիւնն է երկու անձերու, որոնք իրարմէ շատ տարբեր միջավայրերէ կու գան, բայցեւայնպէս կը կազմեն ընտանիք մը, որովհետեւ վերջաւորութեան Եփփէն զինք կ՛որդեգրէ: Սակայն պատմութիւնը, կը կարծեմ նաեւ, որ խորհրդանշական է, փոքրիկ Միսաքը ձեւով մը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը, որովհետեւ երկուքն ալ ողբերգութեան եւ տառապանքին դիմանալով անգամ մը եւս հպարտ, ինքնաբաւ եւ իր արժէքին ու կարողութեան նկատմամբ ինքնավստահ դարձան:

Իմ կարծիքով՝ Եփփէ այս վկայութիւնը գրեց 1920ական թուականներու մտածելակերպին մասին ընթերցողներուն միտքերուն ու հոգիներուն մէջ շարք մը հակազդեցութիւն ստեղծելու համար: Առաջին հերթին ան պատմութիւն մը գրեց՝ յուսալով, որ այն պիտի նպաստէ կազմակերպութեան երկամսեայ պարբերաթերթին բաժանորդներու պահպանման: Անկէ անդին, եթէ պատմութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջանար, ապա յաւելեալ բաժանորդներ պիտի ապահովէր եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Միջին Արեւելքի մէջ հայերու տառապանքին նկատմամբ հասարակութիւնը իրազեկ պիտի դարձնէր:

Եփփէի նպատակն էր նաեւ կրթութիւնը: Անգամ մը որ պատմութիւնը մարդոց ուշադրութիւնը գրաւէր, ան կրնար վկայութեան մէջ ներառել պատմական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները: Անոր նպատակը դարձաւ ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս Օսմանեան կայսրութեան ներքին զարգացումները հայերուն համար կացութիւնը դարձուցին վտանգաւոր, եւ պարզ մարդիկ դարձան զոհերը պայմաններուն:

Վերջապէս, Եփփէ կը ձգտէր իր ընթերցողներուն մօտ յառաջացնել զգացական հակազդեցութիւն մը, որ մարդիկ կրնար մղել գործելու այս պատմական անարդարութեան դէմ: Աւելին, պատմութիւնը մանուկի մը եւ պատանիի մը տեսանկիւնէն ներկայացնելու միակ նպատակը տեղի ունեցածին ահաւորութիւնն ու ընդգծելն է:

 

 ՆՈՐԱ ՈՍՊԻԿԵԱՆ.- Ինչո՞ւ որոշեցիք այս պատմութիւնը թարգմանել: Պատմութիւնը այսօր մեզի ի՞նչ կ՛ըսէ:


 ԵՈՆԱՍ ՔԱՈՒՖԵԼՏԹ.- «Misak: An Armenian Life»ը շարք մը պատճառներով գրաւեց ուշադրութիւնս: Առաջին հերթին զգացի, որ կարեւոր էր Եփփէի վկայութիւնը հասանելի դարձնել աւելի մեծ հասարակութեան մը, որովհետեւ այսօր Եփփէի հրատարակուած գործերէն մեծ թիւ մը հասանելի չէ մարդոց: Վկայութիւնը նաեւ գրուած է իբրեւ պատմութիւն, ուստի կը յուսանք, որ պիտի գրաւէ մարդոց ուշադրութիւնը, ճիշդ ինչպէս գրաւեց իմ ուշադրութիւնը, երբ զայն տեսայ 2001ին:

Պատմութեան մերօրեայ ընթերցողին համար այժմէականութիւնը եւս բազմաթիւ ձեւերով ի յայտ կու գայ: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ վճռակամութենէն, նուիրուածութենէն եւ քաջութենէն մղուած անհատներ ինչպէ՛ս կրնան աշխարհի վրայ իսկական փոփոխութիւն յառաջացնել, բան մը, որ կը կարծեմ այս օրերուն մարդիկ չեն ընդունիր: Իրողութեան մէջ նոյնիսկ երբ մարտահրաւէրները անյաղթահարելի կը թուին՝ յարատեւութեամբ եւ տոկալով կարելի է զանոնք շրջանցել: Անշուշտ կը հաւատամ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կան գործիչ մը ըլլալու եւ մենք զմեզ փաստելու հարկ եղած առաքինութիւնները: Պարզապէս պէտք է գտնենք ճիշդ դատը՝ բացայայտելու համար մեր իւրայատուկ տաղանդները: Ի վերջոյ թէ՛ Եփփէն, թէ՛ ալ Միսաքը սովորական մարդիկ էին, որոնք յաղթահարեցին դժուարութիւններ՝ հասարակական աշխատանքի իրենց ընտրած մարզին մէջ: Ասիկա պէտք է բոլորին համար օրինակ մը ըլլայ, թէ մենք եւս կրնանք ըլլալ մեր կարծածէն շատ աւելին, եթէ պարզապէս պայմաններն ու մեր ունեցած յատկութիւնները զուգադիպին եւ մեզի առիթը տան գործելու:

 

 ՆՈՐԱ ՈՍՊԻԿԵԱՆ.- 1915էն ետք Քարեն Եփփէին եւ Միսաքին ի՞նչ պատահեցաւ:


ԵՈՆԱՍ ՔԱՈՒՖԵԼՏԹ.- Թէ 1915էն ետք Եփփէին եւ Միսաքին ի՞նչ պատահեցաւ՝ մեծ հարցական մըն է, որովհետեւ անոնց աշխատանքային յարաբերութիւնները զարգացան Եփփէի կեանքի վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին: Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Եփփէի Դանիա տարհանուելէն ետք՝ յստակ չէր, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ դարձեալ զիրար պիտի գտնեն: Սակայն Եփփէ իր հիւանդութենէն առողջացաւ եւ պատերազմի աւարտին ան արդէն վճռած էր իր գործունէութիւնը կեդրոնացնել հայերուն վրայ:

Բայցեւայնպէս Օսմանեան կայսրութեան մասնատումը՝ Ուրֆա վերադարձը դարձուց անհնար, ուստի Եփփէ մեկնեցաւ Հալէպ, որ առ այսօր կը գտնուի Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ: Այդտեղ է, որ Եփփէ դարձաւ Հայ Դատի միջազգային հանրածանօթ գործիչ մը՝ 1920ական թուականներուն, տարիներով ծառայելով իբրեւ գաղթականներու հարցով Ազգերու Լիկայի պաշտօնատար: Միսաք իր կարեւոր աշխատակիցը դարձաւ այս աշխատանքին մէջ, որ ամբողջ շրջանին մէջ տարածուած հայերը փրկելու կը ծառայէր: Թերեւս կարեւորագոյնը տարիներու վրայ երկարած պատերազմի եւ բռնարարքներու պատճառով իրարմէ բաժնուած ընտանիքի անդամները վերամիացնելու անոնց տարած աշխատանքն էր, արհեստի վարժարաններու զարգացումն ու ձեռարուեստի հաստատումը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական մարզի զարգացումը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ, ուր հայերը կրնային հաստատուիլ որոշ կայունութեան եւ բնականութեան նպաստաւոր պայմաններու մէջ:

Այս կարեւոր աշխատանքը շարունակուեցաւ նոյնիսկ 1935ին, Եփփէի մահէն ետք, եւ Միսաքը ստանձնեց «Հայաստանի դանիացի բարեկամներ»ու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործունէութեան վերահսկողութիւնը: Բայցեւայնպէս, կազմակերպութիւնները չկարողացան Դանիոյ մէջ հարկ եղած դրամահաւաքին համար Եփփէի ժողովրդականութիւնն ու նուիրուածութիւնը փոխարինող մը գտնել: Եւ երբ 1940ի գարնան Գերմանիան Դանիան գրաւեց՝ այդ ջանքերը դադրեցան: Կազմակերպութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմին անմիջապէս յաջորդող տարիներուն լուծուեցաւ, Միսաք իր ընտանիքին հետ գաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր մահացաւ 1978ին:

 

 ՆՈՐԱ ՈՍՊԻԿԵԱՆ.- Ներկայիս ի՞նչ առնչութեամբ կ՛աշխատիք:


 ԵՈՆԱՍ ՔԱՈՒՖԵԼՏԹ.- Ներկայիս յստակ ծրագիր մը չունիմ: Բայցեւայնպէս կը ծրագրեմ շուտով Միացեալ Նահանգներուն մէջ Եփփէի գործունէութեան շուրջ հետազօտութիւն կատարել: Միացեալ Նահանգներու դանիական համայնքին մօտ դրամահաւաք կատարելու անոր փորձերուն շուրջ շարք մը ակնարկներու հանդիպած եմ եւ գիտեմ, որ 1920ական թուականներուն ընթացքին առնուազն մէկ անգամ այցելած է Միացեալ Նահանգներ:

Նաեւ կը ծրագրեմ իմ դասախօսութենէս քանի մը յօդուածներ զարգացնել, մասնաւորաբար 1920-1930ական թուականներու Իրանի մէջ երկաթուղագիծի զարգացման մասին եւ Լիպիոյ մէջ Իտալիոյ գաղութատիրութեան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերուն մասին: Կը գիտակցիմ, որ երկու նիւթերն ալ տարբեր կը թուին Եփփէի մասին հետազօտութիւններէս, սակայն դասախօսութիւնս իսկութեան մէջ հիմնուած էր Միջին Արեւելքի տարածքին արեւմտեան գործունէութեան եւ այդ կապին յետագայ ազդեցութեան վրայ:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ