image

Հալէպի մէջ երէկ եղած կրակոցներուն հետեւանքով 16-ամեայ պատանի մը զոհուած է. Աղբիւր (Լուսանկար)

Հալէպի մէջ երէկ եղած կրակոցներուն հետեւանքով 16-ամեայ պատանի մը զոհուած է. Աղբիւր (Լուսանկար)

Հալէպի մէջ զոհուած է Գրիգոր Մինասեան անունով  պատանի  մը: Այս մասին լուրը ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ  երէկ  գիշեր  Հալէպի մէջ եղած կրակոցներու ատեն Մինասեան  անյայտ փամփուշտ մը ստանալով  զոհուած է  իրենց բնակարանին մէջ: 16-ամեայ  պատանիին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը  պիտի կատարուին այսօր Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք,որ երէկ գիշեր Թուրքիոյ մէջ  եղած   դէպքերուն  զուգահեռ Հալէպի  ամբողջ շրջաններուն մէջ կրակոցներ  գրանցուած էին: