Անցեալ գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին վրայ հակառակորդը հրաձգային զինատեսակներէ, այդ թուին՝ գնդացիրներէ եւ դիպուկահար հրացաններէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 40 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 700 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊԲ պաշտօնական կայքը: