image

Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախի 89 նորագիրներ մասնակցեցան Բիւրականի բանակումին

  Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախի 89   նորագիրներ մասնակցեցան  Բիւրականի  բանակումին

Շուրջ երկու տարի առաջ  հիմնադրուած   Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախի  մարմինը  մեծ  աշխոյժութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

 Հակառակ       ահռելի  հետեւանքներ թողած  Արցախի  44-օրեայ պատերազմին, օրերս 89   նորագիր  Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ մասնակցած են Բիւրականի մէջ կայացուած  բանակումին։

 Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան   տեղեկատուական    մարմնէն։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ  առթիւ հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը.  

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Օգոստոսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, Հայաստան, ընթացք առաւ Արցախի վերականգնած մասնաճիւղին առաջին բանակումը, մասնակցութեամբ 89 նորագիր սկաուտներու։

Հնգօրեայ այս բանակումին Արցախէն ժամանած նորագիր պատանի-պարմանուհիները առիթը կ’ունենան ծանօթանալու Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, սկաուտութեան ընդհանուր սկզբունքներուն եւ ազգային այն բոլոր արժէքներուն, որոնց դրօշին տակ գործած է 103-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Բանակումը կը յատկանշուի դաստիարակչական հարուստ յայտագիրներով, արշաւներով եւ ընկերային-ժամանցի պահերով։

Յայտնենք, որ այս բանակումէն երկու շաբաթ առաջ, 10-15 Օգոստոսին, Արցախէն 16 սկաուտ խմբապետներ իրենց մասնակցութիւնը բերին համահայաստանեան բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի բոլոր մասնաճիւղերէն 300 սկաուտներու մասնակցութեամբ։

Զուգահեռ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ., ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին հետ գործակցաբար, 18-21 Օգոստոսին, Բիւրականի մէջ իրականացուց Արցախի հերոսներու ընտանիքներու եւ Արցախէն գաղթական ընտանիքներու երեխաներուն յատուկ բանակում մը։  

Յայտնենք, որ Արցախեան պատերազմին յաջորդած 10 ամսուան ակամայ դադարէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղը վերականգնեցաւ անցնող Յուլիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եռանդամ պատուիրակութեան մը Ստեփանակերտ այցելութեամբ։ Մասնաճիւղը այժմ կը գործէ եօթնանդամ վարչութեամբ եւ կը պատրաստուի Հոկտեմբերին իր կազմակերպելիք բանակումին, որուն հիւրաբար պիտի մասնակցին Հայաստանէն սկաուտներ։