image
Հրատապ լուրեր:

Գուգարաց թեմի ծիծեռնակները վերադարձան իրենց տուները

Գուգարաց թեմի ծիծեռնակները վերադարձան իրենց տուները

«Յանուն մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան 
ու հոգեւոր ամբողջականութեան՝ Հայ Եկեղեցին
ոչինչ պէտք չէ խնայէ»

 

Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան

 

Օրհնութեամբ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի` «Ծիծեռնակ» եւ «Հրանդ Տինքի անուան» մանկապատանեկան ճամբարները արդէն 16 տարի յաջողութեամբ կ'իրականացնեն այն ազգապահպան առաքելութիւնը, որուն կոչուած են:

Այս տարի ճամբարը իր գիրկը ընդունեց շուրջ 1220 երեխայ՝ Լոռիի մարզի Ալաւերտի, Ախթալա, Սպիտակ, Ստեփանաւան, Տաշիր քաղաքներէն եւ տասնեակ գիւղերէն, մայրաքաղաք Երեւանէն, Էջմիածինէն, Գիւմրիէն, ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանէն:

 

 


Մանկապատանեկան այս ճամբարները Լոռիի անտառաշատ գիրկը ոչ միայն կազդուրման կայան են, այլեւ պատանիներու միտքի եւ հոգիի կրթութեան ու դաստիարակութեան, հանդուրժողականութեան ու սիրոյ օրրան:

Ճամբարին մէջ անցնող 16 տարիներուն հանգստացած եւ միաժամանակ կրթուած են 9-14 տարեկան շուրջ 15.250 ճամբարականներ: Սրբազան հօր հետեւողականութեամբ, ջանքերով եւ շարք մը բարերարներու հայրենանուէր ծառայասիրութեամբ, ճամբարը տարուէ տարի առաւել կը շեննայ եւ կը գեղեցկանայ. Ինչի արդիւնքով ճամբարին մէջ Սրբազանի իրականացուցած ահռելի աշխատանքին ծանօթանալ եւ երանաւէտ հանգիստին մասնակից դառնալ կ'ուզեն տարբեր կազմակերպութիւններ եւ անհատներ նաեւ Հայաստանէն դուրս:

 

 


Այս տարի, նախորդ տարիներու համեմատ, աննախադէպ թիւով պոլսահայեր այցելեցին ճամբար՝ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի հետ տեսակցելու, մօտիկէն զրուցելու, ճանչնալու իրեն եւ իր գործերուն ծանօթանալու:

Այս տարի ճամբարին հիւր էին նաեւ պոլսահայ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Հայաստան կը գտնուէին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս: Պոլսահայ երիտասարդները, ճամբարի հանգիստէն զատ՝ ցանկութիւն յայտնած էին ուխտաւորաբար այցելել Սանահին, Հաղպատ, Օձուն եւ Սուրբ Յովհան Օձնեցի Հայրապետի շիրիմին: Այս տարուայ ճամբարային ծրագիրի մէկ հերթափոխի հովանաւորներէն էին նաեւ խումբ մը պոլսահայ ազնիւ հայորդիներ, որոնք համեստօրէն ուզեցին լուռ մնալ:


 


Իսկ Ծիծեռնակը պիտի շարունակէ յառաջիկային աւելի շեննալ եւ գեղեցկանալ յաջորդ տարիներու իր ծիծեռնակներուն առաւել լաւ պայմաններու մէջ ընդունելու նպատակով:

 

Դիւան Գուգարաց Թեմի