«Արեւելք» (Նիկոսիա),- Ինչպէս նախօրօք ալ գրած էին, օրերս Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած էին ՏԻՄ ընտրութիւններ։
Այդ առթիւ ալ տեղի ունեցած է հանդիպում Նիկոսիոյ Ստորովոլս շրջանի նորընտիր քաղաքապետին հետ։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Կիպրոսի Հայ Դատի մարմնի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Գազանճեանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Այսօր, 7.08.2024, Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենապետները, կառուցողական հանդիպում մը ունեցան Ստրովոլոս քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Ստաւրոս Ստաւրինիտիսի հետ։